ԱՐԵԱՆ ԴԱՏԻ ՄԵԾ ՌԻՍՔԵՐ
Սուրիոյ՝ Իրաքի սահմանամերձ, քարիւղի պաշարներով հարուստ Տէր Զօրի շրջանէն ներս աւելի քան տասն օրէ ի վեր խնդրոյ առարկայ է լուրջ լարուածութիւն մը, որու համայնապատկերին վրայ Անգարայէն երէկ Ուաշինկթընին հասցէագրուած զգուշացում մը հնչեց։ Տէր Զօրի մէջ ներկայիս արաբական ցեղախումբերու եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերուն միջեւ բախումներ տեղի կ՚ունենան։ Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերու առանցքը կը կազմեն ահաբեկչական ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի գլխաւոր տարրերը։ Քարիւղով հարուստ այդ շրջանէն ներս ներկայ են նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակէն 900 զինուորներ։ Բախումները ծագեցան՝ Տէր Զօրի զինուորական խորհուրդի արաբական արմատներով ղեկավար Ահմէտ էլ Հապիպի ձերբակալմամբ։ Արաբական ցեղախումբերը այս իրադարձութեան վրայ արդէն շարժման անցան Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերուն դէմ, որոնցմէ վաղուց անհանգիստ էին։ Ըստ վերջին տուեալներու, առնուազն 90 հոգի զոհ գացած է բախումներուն։ Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերը տեղեկացուցին, որ ռազմական տարրերը մաքրագործուած են Տիպանի շրջանէն, որ բախումներու կեդրոնը կը հանդիսանայ, նաեւ գործողութիւնները վերջ գտած են։ Արաբական ցեղախումբերը, ասոր փոխարէն, կոչ ուղղած են Սուրիոյ միւս շրջաններու արաբներուն, որպէսզի մասնակցին Սուրիոյ ժողովրդավարական զօրքերու դէմ պայքարին։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ արաբական ցեղախումբերու կողմէ ԵՓԿ-ի բռնագրաւման դէմ ըմբոստութիւնը կանխատեսելի էր Թուրքիոյ տեսակէտէ։ «ԵՓԿ-ի ահաբեկչութեան օրինական ուժի մը նման ցոյց տրուիլը պէտք է վերջ գտնէ։ Այլապէս այժմ մեր տեսած բախումները միայն սկիզբ մը կ՚ըլլան», ըսաւ Ֆիտան, որու խօսքով՝ Սուրիոյ վերաբերեալ Թուրքիոյ քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մին է՝ իւրաքանչիւր ժողովուրդին ապրիլը իր գտնուած վայրին մէջ։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ հեռացուի իր տարածքէն կամ պէտք չէ մէկ ուրիշին ենթարկուի։
«Բայց եւ այնպէս, ԱՄՆ-ի պաշտպանած ԵՓԿ-ի կողմէ արաբական տարածքներու բռնագրաւման եւ անոնց ենթակայութեան տակ առնուելուն հետեւանքով այսպիսի նախաձեռնութիւններու սկսիլը մենք արդէն կ՚ենթադրէինք։ Այս բոլորը պատճառ կը դառնան նաեւ ռիսքերու, որոնց հետեւանքով երկու հաւաքականութիւններուն միջեւ արեան դատ մը կրնայ ծագիլ։ ԱՄՆ-ի եւ ԵՓԿ-ի կողմէ՝ քիւրտերու եւ արաբներու միջեւ հրահրուած թշնամութեան հանդարտեցումը ժամանակի պիտի կարօտի։ Մենք վերստին կոչ կ՚ուղղենք. տարածաշրջանէն ներս ԵՓԿ-ի միջոցաւ արաբները ճնշման տակ առնելու ուղղեալ քաղաքականութեան վերջ պէտք է տրուի։ Այլեւս վերջ պէտք է գտնէ այս հարցին՝ որպէս ճնշման միջոց օգտագործուիլը։ Այլապէս այս բոլորը միայն սկիզբ մը կ՚ըլլան։ Անխուսափելիօրէն տարածաշրջանին տեսակէտէ շատ աւելի վտանգաւոր հետեւանքներ կը նախատեսուին։ Մենք ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց ձեռք կ՚առնենք եւ իրադարձութիւններուն կը հետեւինք մօտէն», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։