ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ վաղը պիտի սկսի՝ Գեղարուեստական տպագրութեան միջազգային 4-րդ պիէնալը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ, աշխարհի 55 երկրէ 231 փորագրանկարչի 355 գեղարուեստական տպագրութեան՝ բազմատեսակ թեքնիքով ու ոճերով կատարուած աշխատանքները պիտի ներկայացուին մէկ հարթակի վրայ։

Թէ՛ Հայաստանի մէջ կերպարուեստի բնագաւառի պարագային իր ծաւալով եւ թէ տարածաշրջանէ ներս միակ այս պիէնալը կը կազմակերպուի «Մշակոյթներու երկխօսութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ։ Ծրագիրը կը հովանաւորուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ։

Պիէնալի շրջանակներէն ներս, 12-17 սեպտեմբերին ալ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանը՝ տարածաշրջանէն ներս գեղարուեստական տպագրութեան կեդրոն» խորագրեալ միջազգային համաժողովը, որ նոյնպէս աննախընթաց է տարածաշրջանի պարագային։ Այս համաժողովին պիտի մասնակցին 30 երկրէ փորագրանկարչութեան աւելի քան 50 մասնագէտներ, որոնք նախագծի կրթական բաղադրիչի գերակայութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը պիտի ապահովեն։

Թէ՛ պիէնալի բացումը եւ թէ մրցանակաբաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը նախատեսուած է Երեւանի «Ազնաւուր» կեդրոնին մէջ։ Պիէնալը պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբերի 8-ը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023