ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԿՈՉԸ՝ ՆՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Արցախի առկայ պաշարման մթնոլորտին մէջ ո՛չ միայն մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ, այլեւ Պաքուի կողմէ նոր արկածախնդրութիւններու հաւանականութիւնն ալ կը մագլցի։ Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան նիստի սկիզբին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով, որոնցմով վերահաստատեց այն մտահոգիչ իրադարձութիւնները, որոնք արդէն օրերէ ի վեր ուշադրութիւն կը գրաւէին լրահոսին վրայ։ «Ատրպէյճան օրերէ ի վեր զօրքեր կը կուտակէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ եւ Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքով», ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի դէմ նոր սադրանքներ ձեռնարկելու մտադրութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։

Ըստ Փաշինեանի, անցեալ շաբթուան ընթացքին տարածաշրջանէն ներս ռազմաքաղաքական իրավիճակը էականօրէն սրած է, որովհետեւ Ատրպէյճան օրեր շարունակ զօրքեր կը կուտակէ եւ այդ երկրի լրատուամիջոցներուն մէջ եւ տեղեկատուական հարթակներուն վրայ աւելի ահագնացած է հակահայ ատելութեան հռետորաբանութիւնը։ Բաց աստի, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ ալ կը շարունակուին Ատրպէյճանի բանակի ոտնձգութիւնները։

«Իրավիճակը այնպիսին է, որ միջազգային հանրութիւնը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրները պէտք է լրջագոյն միջոցներ ձեռնարկեն մեր տարածաշրջանէն ներս նոր պայթումը կանխելու համար։ Հայաստանը պատրաստ է ու կը փափաքի, որ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիր կնքէ Ատրպէյճանի հետ։ Մենք մեր հաւատարմութիւնը կը յայտնենք խաղաղութեան օրակարգին», նշեց ան։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Սեպտեմբերի 1-ին տեղի ունեցած այս շփումին վերաբերեալ պաշտօնական հրապարակումները եղան երէկ՝ այսինքն որոշ յապաղումով մը։ Պլինքըն հերթական անգամ կոչ ուղղած է, որպէսզի Ատրպէյճան վերաբանայ Լաչինի միջանցքը։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, ընդգծած է Ատրպէյճանէն յաւելեալ երթուղիներու կարեւորութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին Պլինքըն ընդգծած է նաեւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան եւ փոխադարձ զիջումներու անհրաժեշտութիւնը եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը։

Բաց աստի, երէկ, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Մարդու իրաւանց յանձնաժողովէն ներս տեղի ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին վերաբերեալ լսումներ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստան անհանգստութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու համատեղ զօրավարժութիւններուն բերումով։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած են այդ ռազմափորձերը, որոնք ներկայիս Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ հերթական տարաձայնութեան առիթը դարձած են։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ իր երկիրը անհանգստութեան տարրով կ՚ընկալէ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ նախատեսուած համատեղ զօրավարժութիւնները։ Փոխ-նախարարը շեշտեց, որ Ռուսաստան Հայաստանի մէջ դաշնակիցներու լրջագոյն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս հանգամանքին վրայ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտին խօսքով՝ Մոսկուայի մեկնակէտն է, որ անհրաժեշտ դաշնակցային ոգիով պէտք է հաւատարիմ մնալ ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներու հետ վարժանքներու գործնականութեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023