ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԻՐԱՌՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Եւրոմիութիւնը մտադիր են առաջին միջազգային համաձայնագիրը ստորագրելու՝ արհեստական բանականութեան կիրառման վերաբերեալ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթը պարտադիր իրաւաբանական ուժ պիտի ունենայ։

«Financial Times»ի հաղորդումներով՝ խօսքը կը վերաբերի Եւրոխորհուրդի այն փաստաթուղթին, որ երկու տարուան ընթացքին մշակուած է աւելի քան 50 երկրի ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ ներառեալ Գանատա, Իսրայէլ, Ճաբոն եւ Աւստրալիա։ Համաձայնագիրը ստորագրած բոլոր կողմերուն պատասխանատուութիւն պիտի վիճակի՝ արհեստական բանականութեան համակարգերուն մէջ որեւէ վնասաբեր կամ խտրական բովանդակութեամբ նիւթերուն համար։ Այսպէս, պիտի արգիլւի տեղադրումը այնպիտի նիւթերու, որոնք կը խախտեն հաւասարութիւնը եւ մասնաւոր կեանքի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը։

Անգլիոյ գիտութեան, նորարարութիւններու եւ թեքնոլոժիներու նախարար Փիթըր Քայլ այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Նորարարութիւնները կը զարգանան նոյնքան արագ՝ որքան արհեստական բանականութիւնը։ Շատ կարեւոր է, որ մենք նմանատիպ առաջին քայլը կատարենք ամբողջ աշխարհի մէջ։ Սա առաջին համաձայնագիրն է աշխարհի վրայ։ Ան իրական միջոցներ կը նախատեսէ այս ոլորտէն ներս եւ կը միաւորէ զանազան երկիրներ»։

Ըստ հրապարակման՝ պայմանագրի նախագիծը պատրաստուած է կառավարութիւններու կողմէ բազմաթիւ նոր կանոններու, պարտաւորութիւններու եւ համաձայնագրերու մշակման համայնապատկերին վրայ՝ արհեստական բանականութեան արագ զարգացող ծրագրային ապահովումը վերահսկելու նպատակով։ Սա կը ներառէ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ Եւրոպայի օրէնքը (2024 թուական) եւ Մեծն եօթնեակի (G7) համաձայնագիրը, որ համաձայնեցուած է 2023 թուականի հոկտեմբերին։

Եւրոպական արժէքներու եւ տեղեկատուութեան թափանցիկութեան հարցերով Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Վերա Եուրովա վերջերս յայտարարած էր, որ միջազգային բազմաթիւ գործընկերներ պատրաստ են ստորագրելու սոյն համաձայնագիրը։ Իր խօսքով՝ նոր փաստաթուղթը կարեւոր քայլեր կը նախատեսէ արհեստական բանականութեան յաւելւածներու նախագծման, մշակման եւ օգտագործման համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024