ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
Ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ բարերար Նուպար Աֆէեան կը նախատեսէ նոր ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նուպար Աֆէեանի «Afeyan Philanthropies» կազմակերպութիւնը, որու առաքելութիւնն է աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու նպատակով լուծումներ գտնել, տեղեկացուց, որ Աֆէեան յանձնառու կը մնայ Հայաստանի աջակցութեան գործին մէջ։ Այսպէս, «Afeyan Initiatives for Armenia-AIFA» նախաձեռնութիւնը սկիզբ կ՚առնէ եւ այս հիմնադրամի առաքելութիւնը պիտի ըլլայ առաւել կենսունակ, տոկուն եւ բարգաւաճ Հայաստան մը կառուցելու գործին նպաստելը։ Աֆէեան ընտանիքը աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր Հայաստանի մէջ բարեգործութիւններ կը կատարէ եւ մարդասիրական գործունէութիւն կը ծաւալէ։ Ի լրումն այս բոլորին՝ AIFA-ն պիտի հանդիսանայ Հայաստանէ ներս ընթացիկ եւ ապագայ զարգացման նախաձեռնութիւններու համար ռազմավարական եւ գործառնական կեդրոն մը։ AIFA-ի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն նշանակուած է՝ հասարակական կազմակերպութիւններէ ներս կառավարման փորձառու ղեկավար Դալար Գազանճեան։
Այս նոր նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, ռազմավարական տեսանկիւնէ պիտի գնահատուին Հայաստանի զարգացման կարիքները եւ պիտի ներկայացուին սիստեմաթիք ձեւով։ Կեանքի պիտի կոչուին անհրաժեշտ լուծումներ՝ իրենց գործունէութեան հիմքին մէջ համապատասխան առաքելութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու հետ կամ անոնց աջակցութեամբ։ Դալար Գազանճեանին AIFA-ի մէջ կը միանայ նաեւ զարգացման հիմնադրամի գործառնութիւններու գծով տնօրէն Դաւիթ Թադէոսեան, որ վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին աշխատանք տարած է կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ հիմնելու ուղղութեամբ։
«Աւելի քան երկու տասնամեակ մեր ջանքերը ուղղած ենք Հայաստանի կայուն ապագային. ապագայ, ուր կը խրախուսուին նորարարութիւնները, կը խթանուին ներառականութիւնը եւ առաջնահերթութիւն կը տրուի բոլոր քաղաքացիներու բարեկեցութեան», նշեցին Նուպար եւ Աննա Աֆէեանները, որոնք հոգաբարձուներն են «Afeyan Philanthropies» կազմակերպութեան։ «AIFA նախաձեռնութեան միջոցաւ մենք նպատակ ունինք ամրապնդելու մեր կատարած աշխատանքը, իրականացնելու նոր ծրագրեր եւ համագործակցելու նոր գործընկերներու հետ՝ ընդլայնելու համար նախաձեռնութիւններու ազդեցութիւնը։ Օգտագործելով զանազան շահագրգիռ կողմերու հաւաքական փորձառութիւնը եւ միջոցները՝ մենք կը ձգտինք դրական փոփոխութիւններ իրականացնել Հայաստանի բազմաթիւ ոլորտներէն ներս՝ ներառեալ առողջապահութիւն, գիտութիւն, թեքնոլոժիներ, ինչպէս նաեւ արուեստ», նշուած է համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ։
Աֆէեանները շեշտած են նաեւ, որ Դալար Գազանճեան ունի երկարամեայ տպաւորիչ աշխատանքային փորձառութիւն եւ առաջնորդութեան մեծ պաշար՝ զարգացման եւ բարեգործական ոլորտներէ ներս Հայաստանի մէջ եւ տարբեր երկիրներէ ներս։ «Մենք անհամբեր կը սպասենք Հայաստանի տնտեսական եւ հասարակական կարիքներու բաւարարման ուղղեալ Դալար Գազանճեանի գործունէութեան դրական ազդեցութիւնը եւ նմանատիպ նպատակներ ունեցող այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը», կ՚ընդգծեն Աֆէեանները։
AIFA նախաձեռնութիւնը «Afeyan Philanthropies» կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցչութիւնն է։ Հիմնուելով Աֆէեաններու ընտանիքին կողմէ՝ աւելի քան երկու տասնամեակ Հայաստանի մէջ իրականացուած բարեգործական նախաձեռնութիւններու հիման վրայ՝ AIFA-ն կը դառնայ Հայաստանի մէջ Աֆէեաններու ընտանիքի ընթացիկ եւ ապագայ զարգացման նախաձեռնութիւններուն համար ռազմավարական ու գործառնական կեդրոն մը։ «Afeyan Philanthropies» կազմակերպութիւնը այս պահուն ամբողջովին կամ մասամբ կը գանձատրէ եւ կ՚իրականացնէ հետեւեալ ծրագրերը. «Հայաստան 2041» հիմնադրամ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւն, FAST Հայաստանի գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու հիմնադրամ, «ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» հիմնադրամ, «ՀԵՆԱՐ» հիմնադրամ եւ «Հայկական հոգեւոր վերականգնման» հիմնադրամ։
AIFA զարգացման հիմնադրամը կը ձգտի խթանել կրթութիւնը, նորարարութիւնն ու ձեռներէցութիւնը եւ կայուն զարգացումը Հայաստանէ ներս։ Անոր նպատակն է ռազմավարական նախաձեռնութիւններու եւ համագործակցութիւններու միջոցաւ հասնիլ դրական փոփոխութիւններու զանազան ոլորտներէ ներս՝ կեդրոնանալով կրթութեան, թեքնոլոժիներու, ձեռներէցութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ մարդասիրութեան վրայ։
Հայաստանի ապագային վերաբերեալ հիմնադրամի տեսլականը կ՚ենթադրէ բարգաւաճ եւ կայուն միջավայր մը յաջորդ սերունդներուն համար։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթ կը համարուին կայուն զարգացումը, մշակութային կենսունակութիւնը, բարեկեցութիւնը եւ սփիւռքի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։