ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցան Փրակի մէջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած տեսակցութիւն մըն էր այս մէկը՝ հաշուի առնելով, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ վերակենդանացած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ տարուած աշխատանքներուն ի շարունակութիւն՝ երէկ երեկոյեան երկու երկիրներու ղեկավարները Փրակի մէջ մէկտեղուեցան՝ քննարկելով յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգն ու հեռանկարները։ Ֆութպոլային դիւանագիտութեան եւ Ցիւրիխի ձախողած արձանագրութիւններու շրջանէն ի վեր առաջին անգամ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ նման ամենաբարձր մակարդակի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Անցեալ ամառ նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։ Երկար ընդհատումէ ի վեր սա գագաթի վրայ առաջին ուղիղ շփումն էր երկու երկիրներու միջեւ։ Յաջորդող ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները բոլորովին ծանօթ են, իսկ երէկ արդէն Էրտողան եւ Փաշինեան երես-երեսի հանդիպեցան։ Սա ալ շատ երկար ժամանակէ վերջ երկու երկիրներու գլխաւոր դէմքերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին երես-երեսի տեսակցութիւնն էր։ Էրտողան եւ Փաշինեան Փրակի մէջ կը գտնուէին՝ մասնակցելու համար Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին, որու ծիրէն ներս ալ տեղի ունեցաւ իրենց տեսակցութիւնը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փաշինեան երէկուան տեսակցութեան ընթացքին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի համատեսքէն ներս երկուստեք կարեւորեցին ուղիղ շփումներն ու բարձր մակարդակի հանդիպումները։ Անոնք քննարկեցին Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ այս ուղղութեամբ ապագայ հաւանական քայլերը։ Շեշտուեցաւ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներու արդիւնքով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Այստեղ խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի բացման, նաեւ երկու երկիրներու միջեւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրումներու իրականացման։ Էրտողան եւ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն շուրջ։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ, Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն, նախագահի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, ինչպէս նաեւ Փրակի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էկէմէն Պաղըշ։ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Փրակէն հրաժեշտ առնելէ առաջ նախագահ Էրտողան յայտարարութիւններ ալ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպման։ «Ես կը հաւատամ, թէ պիտի կարողանանք լիարժէք բնականոնացման մեր նպատակին հասնիլ՝ մեր տարածաշրջանէն ներս բարիդրացիական յարաբերութիւններու հիմքին վրայ», յայտարարեց այս կապակցութեամբ ան։ Փրակի երէկուան հանդիպման լոյսին տակ նախագահ Էրտողան աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Մենք միայն կ՚ըսենք՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրեցէք, այդ իսկ պահէն սկսեալ մեզի հետ կապուած որեւէ անյարմարութիւն չ՚ըլլար, սահմանները կը բացուին»։

Միւս կողմէ, երէկ Փրակէն հասան նաեւ այլ հետաքըրք-րական դրուագներ, որոնք ուշագրաւ պահեր կը ցոլացնէին։ Արդարեւ, Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովէն առաջ, ծրագրաւորուած դէմ առ դէմ երկկողմանի հանդիպումներէն դուրս, միջազգային մետիային կողմէ թողարկուեցան զանազան տեսանիւթեր, ուր գագաթաժողովի կազմակերպուած համալիրէն ներս սեղանի մը շուրջ նստած կը զրուցէին նախագահ Էրտողան, վարչապետ Փաշինեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ բոլորն ալ իրենց կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարարները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2022