ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ՝ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆՈՅՆԻՍԿ ՏԵՍԱԿԱՆՕՐԷՆ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ԴԱՐՁՈՒԻԼԸ
Պաքու կը շարունակէ յամառօրէն օրակարգի վրայ պահել Երեւանին հասցէագրուած պահանջը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով իտալական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր երկրի նուիրական պարտքն է ապահովել՝ որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը նոյնիսկ տեսականօրէն անհնարին դարձնէ ապագային իր երկրին դէմ տարածքային պահանջներու ներկայացումը։ «Հայաստան պէտք է շուտով լուծէ իր գործող Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ակնյայտ տարածքային պահանջի հարցը՝ կապուած Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքի մէկ մասին հետ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայաստան կը ժխտէ խաղաղութեան համար այս կարեւոր խոչընդոտի արդիականութիւնը եւ ամէն գնով կէս ու կիսկատար թեքստի մը ստորագրման ուղիներ ընտրելով կ՚անտեսէ երկու երկիրներու միջեւ տասնամեակներու առճակատման հիմնարար պատճառը։
«Երկու երկիրներու միջեւ ուղիղ երկկողմանի բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ, մտած են վճռական վերջնական փուլ եւ ես այստեղ կը վերահաստատեմ Ատրպէյճանի ամուր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ կայուն, անվտանգ եւ անշրջելի խաղաղութեան հասնելու համար։ Այս նպատակին հասնելու համար մեր նուիրական պարտքն է ապահովել, որ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրը բացարձակապէս, նոյնիսկ տեսականօրէն անհնար դարձնէ որեւէ վերադարձ տարածքային պահանջներուն, բռնութեան կամ ռազմական հակամարտութիւններուն։ Ատրպէյճան բաւականաչափ տուժած է այս աղէտէն եւ կը փափաքի կանխել այս բեմագրութեան կրկնութիւնը ապագային», նշեց ան։