Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ՌԷՅՄՈՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ «L’ŒUVRE D’ORIENT»Ի ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որ Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով գործունէութիւն կը ծաւալէ, այս տարուան գրական մրցանակը շնորհեց ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեանին։ Մրցանակը Ռէյմոն Գէորգեանին յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Փարիզի արքեպիսկոպոս մոնս. Լորան Ուլրիքի։
Ռէյմոն Գէորգեան այս մրցանակին արժանի դասուած է՝ շնորհիւ իր հեղինակած «Համալրել ցեղասպանութիւն մը» գործին, որ հրատարակուած է «Օտիլ Եաքոպ» հրատարակչութեան կողմէ։ Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեան, որ պատմագրութեան ոլորտի մէջ հեղինակութիւն մը կը համարուի, այս պարգեւը ստացաւ՝ ներկայութեամբ յայտնի գրող Ամին Մալուֆի, որ այս մրցանակի դատակազմի նախագահը կը հանդիսանայ։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024