ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ գագաթաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան Փարիզի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց շրջանակներէն ներս մասնաւորապէս տեսակցեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի եւ Պելժիոյ վարչապետ Ալեքսանտր տը Քրուի հետ։ Երկկողմանի հանդիպումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ խնդիրներուն։ Այս ամբողջին մէջ Փաշինեան օրակարգի վրայ բերաւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծն ու անոր սկզբունքները։ Տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ քննարկումներու արդիւնքները, Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան վարչապետներուն կողմէ։ Ճասթին Թրիւտօ ողջունեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը եւ ընդգծեց տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ հետեւողական քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ալեքսանտր տը Քրու քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024