ՀԱԿԱՊԱՏԿԵՐԸ

«Պա այնքան պարտութիւն կրես ու յաղթել չսովորե՞ս»: Որքա՜ն հրետորական կը հնչէ հարցումը՝ մանաւանդ Հրանդ Մաթեւոսեանի բանաձեւումով։

Կեանքի մէջ ամէն ինչ կարելի է պատկերացնել հաշուի առնելով նաեւ հակապատկերը։ Ժխորի մէջ անդորրութեան հասնի՞լ... Աղքատ ապրելով հարստանա՞լ... Պարտուելով՝ սորվիլ յաղթել... Նայած, անշուշտ, ո՛վ է թշնամին, որո՛ւ կամ ինչի՛ դէմ է պայքարը։

Հապա՞, անծայրածիրութիւնը կամ յաւերժութիւնը։ Կա՞յ հակապատկեր...

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022