ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻԻ ՀԵՏ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան վերաբերեալ օրակարգային հարցեր։ Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային համագործակցութեան մասին հարցերու շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան Իրակլի Ղարիպաշվիլիին տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ հոկտեմբերի 31-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, հոկտեմբերի 31-ին, Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ Սոչիի մէջ մէկտեղուած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուած էր նաեւ յայտարարութիւն մը։
Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովին։ Իր խօսքով՝ ռուսական կողմը խոստացած էր, որ Սոչիի յայտարարութեան մէջ պիտի նշուի Մոսկուայի նախատեսած ծրարը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ, սակայն այդ բանը տեղի չէ ունեցած։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Գրիգորեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Լեհաստան, Հոլանտա եւ Լիթվա։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին յայտարարեց, որ թէեւ սկզբնական պայմանաւորուածութիւն մը կայ, որպէսզի նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ, սակայն այդ մասին տակաւին վերջնական տեղեկութիւններ չկան։ Ըստ Ճէյհուն Պայրամովի, օգոստոսի 31-ին կայացած հանդիպման ժամանակ նշուած էր, որ յաջորդ տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերին։ «Բայց պէտք է հաշուի առնել, որ ատկէ վերջ տեղի ունեցած է չծրագրաւորուած քառակողմանի հանդիպումը։ Ուստի, յաջորդ եռակողմանի հանդիպման մասին տակաւին տեղեկութիւն չկայ», ըսաւ Ճէյհուն Պայրամով։ Ակնյայտ է, որ Պայրամովի ակնարկած չնախատեսուած հանդիպումը տեղի ունեցած է Փրակի մէջ՝ Փաշինեանի եւ Ալիեւի առընթեր, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ։