«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ նոյեմբերի 17-18-ին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը՝ «Հանրապետութեան 100-ամեակին փոքրամասնական իրաւունքները» խորագրով։ Երկօրեայ աշխատանքային ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի ութ նիստերու ձեւաչափով։ Բացման փուլին նախատեսուած են՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախագահ Ռաքել Տինքի եւ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան ղեկավար դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի ելոյթները։ Բացման զեկուցումով հանդէս պիտի գայ Ֆերնանտ տէ Վարէն, որ ՄԱԿ-ի փոքրամասնական նիւթերու գծով նախկին յատուկ զեկուցողն է։ Զեկուցման մէջ ան նիւթը պիտի հունաւորէ այն մօտեցումով, թէ փոքրամասնական իրաւունքները մարդու իրաւունքներ են։ Թէ այս բանը ի՞նչ իմաստ կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհուրդի եւ Եւրոմիութեան հետ, փոքրամասնութիւններու յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

Հիմնարկին կողմէ հրապարակուած աշխատանքային ժամանակացոյցը կը ցոլացնէ, որ խորհրդաժողովի ընթացքին խնդիրը կ՚արծարծուի բազմակողմանիօրէն։ Զեկուցումները լոյս պիտի սփռեն փոքրամասնական իրաւունքներու բոլոր ծալքերուն վրայ՝ սկսելով պատմութենէն, մինչեւ մերօրեայ գործնական հարցերը։ Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնական խմբաւորումներուն տեսակէտէ հետաքրքրական նիւթեր պիտի քննարկուին այս խորհրդաժողովի շրջանակներէն ներս։

Երկօրեայ ձեռնարկի ընթացքին նախատեսուած է միայն երկու հայազգի դէմքի կողմէ զեկուցում։ Անոնք են՝ Լեւոն Լէոնիտաս Նտիլսիզեան եւ Հրակ Փափազեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023