ԳՐՈՂ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ գրական հանդիպում մը տեղի ունեցած է՝ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեանի հետ, որ այս շրջանին կ՚այցելէ Հայաստան։ Ամերիկահայ «Հայրենիք» օրաթերթի կայքէջի հաղորդումներով, «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80-ամեակին։ Յոբելեարը, որ ծնած է Հալէպ, երկար տարիներէ ի վեր կ՚ապրի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգենրու մէջ։
Յայտագրի տեւողութեան ներկայացուեցաւ Գէորգ Պետիկեանի գեղարուեստական արտադրանքը եւ արժեւորուեցաւ անոր սէրն ու նուիրումը հայերէնի եւ Հայաստանի նկատմամբ՝ որպէս արեւմտահայ մտաւորական։ Մանրամասն մատուցուեցան անոր կեանքին ու գործունէութեան ծալքերը։ Հատուածներ ալ ընթերցուեցան իր գիրքերէն։
Հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին Գէորգ Պետիկեան արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Այս առթիւ ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է, արեւմտահայ գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կծկուիլ։ Սփիւռքի մէջ օրէ օր կը նուազին անոնք, որոնք հայերէն կը խօսին կամ հայերէն կը գրեն։ Ուստի, Պետիկեան շեշտեց, որ դիւրին բան չէ ըլլալ արեւմտահայ գրող։