ԻՐԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ

Հայաստանի համար ռազմավարական դիտանկիւնէն շրջադարձային թուական մը դարձաւ հոկտեմբերի 23-ը։ Նա՛խ, որովհետեւ տարածաշրջանի երկիրներու «3+3» հարթակի հանդիպումն էր Թեհրանի մէջ՝ մասնակցութեամբ Իրանի, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ի բացառեալ Վրաստանի, որ Ռուսաստանի հետ ունեցած հակամարտութեան պատճառով հրաժարած էր մասնակցելէ։ Ապա նաեւ ու մա՛նաւանդ՝ անոր համար, որ Ֆրանսայի հետ պաշտպանական զէնքերու գնումի պայմանագիր ստորագրուեցաւ։ Այս երկու ռազմավարական ուղղութիւնները թէեւ առաջին հայեացքով իրարու կը հակադրուին՝ մէկը արեւմտեան թեքումով, միւսը տարածաշրջանային, ուր Իրանի եւ Ռուսաստանի ներկայութիւնը անհանդուրժելի է Արեւմուտքի համար եւ փոխադարձաբար, սակայն, Հայաստանի վարչապետը Եւրոպայի քաղաքական համայնքի Կրանատայի ժողովէն վերադարձին անդրադարձաւ տարածաշրջանային «3+3» հարթակի հանդիպումին Հայաստանի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան։ Ան ըսաւ, որ Արեւմուտքի գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները պէտք չէ թողուն այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստան կ՚անտեսէ իր անմիջական դրացիներուն հետ երկխօսութիւնը։

Եւ իրօք, Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան ամբողջ երկայնքին Արեւմուտքի միջամտութիւնը եւ երաշխիքները արգելք չհանդիսացան, որ Ատրպէյճան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հաւանութեամբ պատերազմ մղէ Արցախի ու Հայաստանի դէմ եւ բռնի ուժի կիրառմամբ գրաւէ ամբողջ Արցախը եւ արցախահայութիւնը ենթարկէ ցեղային զտումի։ Ալիեւի ռազմական ախորժակը այս կէտին կանգ չառնելով՝ պիտի շարունակէր Սիւնիքով, եթէ Իրան չցցուէր իբրեւ հզօր պատնէշ, արգելք չհանդիսանար Սիւնիքի միջանցքի ռուս-թուրք-ատրպէյճանական ծրագրի յաջողութեան։ Արդարեւ, Իրան բարձրագոյն մակարդակով յայտարարեց, որ պիտի չընդունի որեւէ սահմանային փոփոխութիւն։

Այս իրողութենէն մեկնած, Հայաստանի կառավարութեան որոշումը՝ մասնակցելու Թեհրանի մէջ տարածաշրջանային «3+3» հարթակի հանդիպումին, բոլորովին հասկնալի է ու արդարանալի։ Եւրոպա Արցախի հայաթափումը կանխելու առումով անօգուտ գործընկեր ու միջնորդ հանդիսացաւ։ Արթնցաւ երբ Արցախ արդէն ենթարկուած էր ցեղային զտման։ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի շրջափակման գրեթէ տասն ամիսներու ընթացքին զգուշացուցին իրենց արեւմտեան գործընկերները ցեղային զտման վտանգին մասին։ Զգուշացուցին, որ Ալիեւի խոստումներուն պէտք չէ ապաւինիլ։ Սակայն, աղէտը տեղի ունեցաւ, հարիւր հազար ժողովուրդ մէկ շաբթուան մէջ լքեց իր պապենական հողը։ Միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու զգուշացումները եւս որեւէ արդիւնք չտուին։ Սակայն, անոնց եզրակցութիւններն ու ամբաստանութիւնները, յատկապէս Լեմքին ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկինը, թէ եւրոպացի քաղաքական գործիչները մեղսակից յայտարարեցին Արցախի մէջ գործուած ցեղային զտման, անհետեւանք չմնացին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան մարդասիրական օգնութեան ձեռք մեկնեցին, Հայաստան փութացուցին իրենց պատասխանատու պաշտօնեաները։ Նոյնիսկ, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար սկսան առաջարկել ռազմական օգնութեան ծրագրեր։

Այս բոլորին մէջ Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը թերեւս ամենէն ուշագրաւն էր։ Անոր ջանքերով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղակայուեցաւ Եւրոպական Միութեան մնայուն դիտարկման առաքելութիւնը, որուն շնորհիւ երկու անգամ հրաւիրուեցաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողով ու վերջապէս հոկտեմբերի 23-ին Փարիզի մէջ, պաշտպանութեան նախարարները կնքեցին պաշտպանական զէնքերու գնումի պայմանագիր։

Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման առումով Արեւմուտքն ու Իրանը, երկուքն ալ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունին՝ հակառակ անոր, որ անոնք իրարու հակադիր ճակատներ են միջազգային հարթակի վրայ եւ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը աւելի լարեց իրավիճակը։ Ռուսաստանն է որ Ուքրայնայի մէջ իր արկածախնդրական պատերազմով՝ Կովկասի ճակատը կորսնցնելու վրայ է, ի նպաստ Իրանին։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023