ԿԱՐԵՒՈՐ ԸՆԴՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ Մետիագրագիտութեան շաբաթը։ «Մետիագրագիտութիւնը թուային միջավայրի մէջ. պատերազմին զուգահեռ» խորագրեալ հաւաքոյթով տրուեցաւ մեկնարկը։ Սա ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ նախաձեռնուած «Մետիա եւ տեղեկատուական գրագիտութիւնը թուային միջավայրի մէջ» համաշխարհային շաբթուան շարունակութիւնն է։ Բացման հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Holiday Inn» պանդոկին մէջ։ Մետիագրագիտութեան շաբաթը կազմակերպուած է՝ Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնին կողմէ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան հետ։

Արդէն 6-րդ անգամ կազմակերպուած ծրագրին ժամանակ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան յայտնեց, որ երկիրը շատ մեծ խնդիրներ ունի մետիագրագիտութեան առումով։ «Այսօր աւելի քան ակնյայտ է, որ մետիագրագիտութիւնը կը դառնայ ժամանակակից մարդու եւ քաղաքացիի ամենակարեւոր ընդունակութիւններէն մին», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով Մետիագրագիտութեան շաբթուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ զանազան դասեր, խաղեր, փորձագէտներու կամ լրագրողներու հետ հանդիպում-քննարկումներ՝ համալսարաններու մէջ թեմաթիք բանավէճեր եւ դասախօսութիւններ։ Ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ինչպէս դպրոցներու, համալսարաններու եւ այլ կրթական հաստատութիւններու, այնպէս ալ գրադարաններու մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023