ՀՈՎԻՒԻՆ ԴԷՄ ԱՊՏԱԿ

Էսքիշեհիրի մէջ քրիստոնեայ հոգեւորականի մը ենթարկուած յարձակումը լայն արձագանգ գտած է տեղական մամուլին մէջ։ Դէպքը պատահած է քաղաքի Օտունփազարը թաղամասի բողոքական եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ արարողութեան ընթացքին։ 46-ամեայ Իլհան Էօնտէր ապտակած է տեղւոյն հովիւը՝ պատուելի Արթուն Թոքաթլըն։ Ան ոստիկանութեան յանձնուելէ վերջ յայտնած է, որ քրիստոնէութիւնը հանդուրժողութեան կրօն մըն է, մէկը որեւէ ձեւով պէտք չէ փոխադարձէ ապտակի հարուած մը ստանալու պարագային, ուստի ինք փորձարկելու համար գործած է այդ արարքը։

38-ամեայ պատուելի Արթուն Թոքաթլըն ալ ցաւ յայտնեց պատահարին կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ իրաւապահ մարմինները դէպքին կապակցութեամբ լուրջ զգայնութիւն ցուցաբերած են։ Պատուելին վկայած է, որ խնդրոյ առարկայ անձը եկեղեցի մուտք գործած պահէն սկսեալ տարօրինակ կացութիւն մը պարզած է։ Իր խօսքով՝ հարուածելէ վերջ ենթական իրմէ պահանջած է զինքը մկրտել։ Հովիւը բացատրած է, որ սա կ՚ենթադրէ գործընթաց մը։

«Էսքիշեհիրի մէջ ժողովուրդն ու իրաւասուները միշտ յարգանքով ու հանդուրժողութեամբ կը վերաբերին եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Այս առումով պատահածը կը նկատենք մասնաւոր դէպք մը։ Էսքիշեհիրի բողոքական եկեղեցին այն շատ սակաւաթիւ վայրերէն մին է, որ Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութեան կողմէ ստացած է աղօթատեղիի կարգավիճակ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023