ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորութիւններ կը ստանայ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ, Անգարայի եւ Երեւանի ղեկավարութիւններն ալ շնորհաւորած են Տանըլտ Թրամփը։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Այս առթիւ ան մաղթեց, թէ նոր շրջանին Թուրքիա-ԱՄՆ համագործակցութիւնը կը զարգանայ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շնորհաւորական մը ուղարկեց Տանըլտ Թրամփին։ Այս առթիւ տպաւորիչ որակեց Թրամփի յաղթանակը եւ ըսաւ. «Անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ աշխատիլ՝ կառուցելու Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւնները՝ հիմնուած մեր ընդհանուր արժէքներու, առաջնահերթութիւններու եւ շահերու վրայ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2024