ԿԱՌԱՎԱՐԵԼ ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Աթէնք, ուր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Յունաստան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի 5-րդ նիստը։ Շուրջ 6 տարուան ընդհատումէ մը վերջ Էրտողան կը մեկնի Աթէնք, ուր կը հիւրընկալուի Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կողմէ։ Յիշեալ խորհուրդի նախորդ՝ 4-րդ ժողովն ալ վերջին անգամ 2018 թուականին տեղի ունեցած էր Իզմիրի մէջ։ Այս հարթակին վերստին աշխուժացումը արդէն ինքնին ապացոյց մըն է, որ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ վերջին տարիներուն յառաջացած վերիվայրումները յաղթահարուած են։ Մինչեւ այս փուլը, Էրտողան եւ Միցոթաքիս զանազան միջազգային հաւաքոյթներու ծիրէն ներս արդէն զանազան հանդիպումներ ունեցած էին։

Նախագահ Էրտողան Աթէնքի մէջ կը հիւրընկալուի թէ՛ Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելլարոփուլոյի եւ թէ Միցոթաքիսի կողմէ։ Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններուն առընթեր ստորագրուին շարք մը համաձայնագրեր եւ հրապարակուի համատեղ յայտարարութիւն մը։ Էրտողան եւ Միցոթաքիս կը սարքեն նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։

Աթէնքէն կը հաղորդուի, որ այցելութեան առթիւ անվտանգութեան շատ խիստ միջոցներ ձեռք առնուած են։ Յունաստանի ոստիկանական համակարգէն 3 հազար հոգի պաշտօնի կոչուած է այս առթիւ։

Յունաստանի կառավարական աղբիւրները կը յայտնեն, որ Թուրքիոյ հետ նոր էջ մը բացուած է։ Երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը վերջին տարիներու նուազագոյն մակարդակին իջած է։ Այժմ որդեգրուած է այս հանդարտ մթնոլորտի տեւականացման նպատակը։ Յունաստան այս առումով կը ձգտի Թուրքիոյ հետ հնարաւորինս ստեղծել նոր վստահութեան մթնոլորտ մը։

Յունաստանի կառավարութեան բանբերը՝ Փեթրոս Մարինաքիս յայտնեց, որ Էրտողան-Միցոթաքիս այսօրուան շատ կարեւոր հանդիպումը եւ բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի ժողովին գումարուիլը կարեւոր քայլեր կը համարուին՝ երկխօսութեան մթնոլորտի ստեղծման առումով։ Իր խօսքով՝ կողմերու տարաձայնութիւնները ծանօթ են, սակայն իրենք չեն փափաքիր, որ անոնք տագնապներու ծնունդ տան։

Քաղաքական մեկնաբաններու դիտարկումներով, Էրտողանի այցելութեան ընդառաջ Աթէնքի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը կը տարբերի նախորդ այցելութիւններէն։ Հակազդեցութիւնները շատ սահմանափակ են եւ մանաւանդ՝ հանրային կարծիքը առանձնապէս կարեւորութիւն չի տար անոնց։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան, բնապահպանութեան, մարմնամարզի եւ բնական աղէտներու դէմ համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Ստորագրումը նախատեսուած փաստաթուղթերն ալ կը վերաբերին այս բնագաւառներուն։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու հաղորդումներուն, կողմերու ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ ապօրինի գաղթի եւ Եգէականի կարգ մը կղզիներու պարագային Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մուտքի արտօնութեան դիւրացման հարցերը։ Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումները, ըստ որոնց՝ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր, Էրտողան եւ Միցոթաքիս կ՚արժեւորեն տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, Կազզէի դէպքերը, ինչպէս նաեւ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին շուրջ։

Նախագահ Էրտողանն ալ վերջին օրերուն Աթէնք այցելութեան կապակցութեամբ տուած էր դրական պատգամներ։ «Մենք Աթէնք կ՚երթանք «շահէ-շահէ» հասկացութեամբ։ Մեր արտաքին քաղաքականութեան հասկացութիւնը չի նախատեսեր, որ միայն մենք շահինք ու մեր դիմացինը կորսնցնէ», ըսած էր ան։

Յունաստանի «Քաթիմերինի» թերթին մէջ ալ այսօր լոյս տեսան նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները։ Այս առթիւ ան յայտնեց, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ Միցոթաքիսին։ «Քիրիաքոս, բարեկամ, որքան ատեն, որ դուք մեզի չէք սպառնար, մենք ալ ձեզի չենք սպառնար։ Եկո՛ւր, մեր երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդենք», յայտնեց ան։ Նախագահ Էրտողան համոզուած է, թէ բոլոր խնդիրները կրնան լուծուիլ փոխադարձ բարեացակամութեան հիմքով ու երկխօսութեան ճանապարհով՝ ներառեալ Եգէականի հարցերը, անկանոն գաղթի դէմ համատեղ պայքարը եւ Յունաստանի թրքական փոքրամասնութեան առկայ խնդիրները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2023