ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԴԻՒՐԱՑՆԷ ՃԱՊԱՀԱՐԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաշի Սահա Սինհա յայտարարեց, որ իր երկիրը Հայաստանի համար պիտի դիւրացնէ Ճապահար նաւահանգիստի օգտագործման հնարաւորութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հնդիկ դեսպանը Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Խաղաղութեան խաչմերուկը» խորագրեալ փորձագիտական համաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Հնդկաստանի կառավարութիւնը կը հասկնայ տարածաշրջանային փոխկապակցութեան կարեւորութիւնը։ Նիւ Տելհիի իշխանութիւնները այս առումով առանցքային որոշում մը առած են՝ Ճապահար նաւահանգիստի զարգացման նպատակով ներդրումներ ընելու համար։
Հայաստանէն, Իրանէն, Հնդկաստանէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն վերլուծական կեդրոններու փորձագէտներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած եւ տարածաշրջանային նոր իրողութիւններուն ձօնուած հաւաքոյթին ընթացքին հնդիկ դեսպանը ըսաւ.
«Այդ նաւահանգիստը ո՛չ միայն տարանցիկ առեւտրային հանգոյց է, այլեւ կը նպաստէ մարդասիրական օժանդակութեան փոխանցման։ Հայաստան հետաքրքրութիւն արտայայտած է նաւահանգիստին նկատմամբ։ Մենք Հայաստանի համար պիտի դիւրացնենք նաւահանգիստի օգտագործման հնարաւորութիւնը՝ յաղթահարելու մարտահրաւէրները, որովհետեւ Հայաստան դէպի ծով ելք չունեցող երկիր մըն է»։
Սինհա յիշեցուց, որ Հայաստանի տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարարը եւ արտաքին գործոց փոխ-նախարարը վերջերս մասնակցած էին «Կլոպալ Հնդկաստան» գագաթաժողովին։