Չորեքշաբթի 12, Մարտ 2025
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ
Արցախի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն զինուոր մը նահատակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ժամը շուրջ 13.20-ին Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Վաչէ Չիլինկարեան (1998)։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքները քննութեան ձեռնարկեցին այս դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կը բաժնէ կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ՝ նահատակ զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն։
Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018