ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ՝ ՔՈՒՐՈՒՄ
Մարտի 31-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները արդէն կը բնորոշեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պաշտօնի ընտրապայքարը։ Ընդդիմադիր ՃՀՓ-ն արդէն վերստին առաջադրած է գործող գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն։ Երէկ, ԱՔ կուսակցութիւնն ալ հրապարակեց իր թեկնածուն։ Այսպէս, երկրի իշխանութեան կողմէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է Մուրատ Քուրում, որու անունը երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հրապարակուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Մուրատ Քուրում նախկին բնապահպանութեան ու քաղաքաշինութեան նախարարներէն մին է եւ այդ պաշտօնին գլուխը արձանագրած է նկատելի յաջողութիւն։ Այժմ, այդ փորձառութեամբ ան կը ձգտի դառնալ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ։ Թեկնածութեան պաշտօնական հրապարակումէն վերջ ան երէկ ըսաւ. «Իսթանպուլը պիտի հասցնենք այն արժէքին, զոր իր իրաւունքն է։ Թուրքիոյ դարու ամենափառաւոր յառաջաբանը Իսթանպուլի մէջ պիտի գրենք»։