ՅՈՅՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԸ
Քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները տարեմուտին համակուած են տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Յոյն համայնքն ալ Սուրբ Ծնունդը, Նոր տարին եւ Աստուածայայտնութիւնը կը նշէ կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի նախագահութեամբ։ Շաբաթավերջին, Ղալաթիոյ յունաց երբեմնի վարժարանի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական Ամանորի համերգը, որու պատուոյ հիւրն էր Նորին Սրբութիւնը։ Այժմ մշակոյթի կեդրոնի վերածուած դպրոցի շէնքէն ներս համախմբուեցան հոծ թիւով երաժշտասէրներ, որոնք ողջունեցին հիւր արուեստագէտներու կատարումները։
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն իր պատգամն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը, մինչ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին բոլորին բաժնուեցան՝ Ծայրագոյն Պատրիարքին ձեռամբ օրհնուած տօնական շրջանի բնորոշ ուտեստները։