ՄԱՐԿՈԹ ՎԱԼՇԹՐԷՕՄ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալշթրէօմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարները կը վարեն բազմակողմանի բանակցութիւններ ու կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Շուէտացի նախարարը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ, ընդունուելով նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Հիւր նախարարը կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ մը կը զետեղէ յուշարձանին մօտ եւ շրջայց մը կը կատարէ տեղւոյն թանգարանէն ներս։ Մարկոթ Վալշթրէօմ Երեւանի մէջ կ՚այցելէ նաեւ «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։