«ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ ՆՈՅՆԸ ՉԷ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ որեւէ բան այլեւս երկրի այժմու Սահմանադրութեան ընդունուած պայմաններուն նման չէ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ մասնակցեցաւ խորհրդարան-կառավարութիւն հարցում-պատասխանին։ Այս առթիւ ան խօսեցաւ երկրի Սահմանադրութեան հաւանական փոփոխութեան շուրջ։ Վարչապետը վստահեցուց, թէ իշխանութիւնները Սահմանադրութեան փոփոխութեան ձգտելով չեն հետապնդեր զայն իրենց յարմարցնելու նպատակը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Սահմանադրութեան մէջ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրին կատարուած յղումին։ «Ի վերջոյ ի՞նչ կը նշանակէ յղումը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միաւորման որոշման մասին, որ հռչակագրին մէջ կը յիշատակուի։ Եթէ կը յենուինք այս բանին վրայ, խաղաղութիւնը անհնար է», նշեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ կայ համաձայնեցուած յօդուած մը։ Այսպէս, կողմերը չեն կրնար յղում ընել իրենց օրէնսդրութեան՝ ենթադրեալ այդ պայմանագրով ստանձնուելիք որեւէ պարտաւորութիւն չկատարելու համար։

Վարչապետը խօսեցաւ նաեւ «Հայոց պատմութիւն» դասի «Հայաստանի պատմութիւն» վերանուանման մասին։ «Հայոց պատմութեան մէջ Հայաստանը դրուագ է, իսկ Հայաստանի պատմութեան մէջ՝ առանցք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024