Գահիրէի Մօտ Հայաստանի Դեսպանատունը՝ Քաղաքի հէքեաթային Վայրերու ցանկին Մէջ
Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը յայտնուած է քաղաքի ամենագեղեցիկ 17 վայրերու ցանկին վրայ: «Արմէնփրէս»ի համաձայն, identitymag.comը կազմած է Գահիրէի հէքեաթային 17 վայրերու ցուցակը: Կայքը կը գրէ, որ այն առանձնատունը, ուր տեղակայուած է դեսպանատունը, կարծես «Քնացած դշխուհիի» կամ «Հենզէլի ու Կրեթէլ»ի պատմութենէն դուրս եկած ըլլայ:
Ցուցակին մէջ ներառուած են նաեւ Հելիոպոլիսի մէջ գտնուող Baron Empain պալատը, արքայազն Սալիտ Հալիմի պալատը, հին Գահիրէի մէջ գտնուող Պապ ալ Ֆութուհը, Քորպայի մէջ գտնուող տունը, ղպտիներու գերեզմանատունը, «Մարիոթ» հիւրանոցը, ալ-Մուիզ ալ-Դին փողոցը, Ապտէն պալատը, Հելիոպոլիսի պազիլիք եկեղեցին, Գահիրէի դարպասները, Քասր ալ-Նիլ կամուրջը, Սապիլը, Բանեան ծառերը, Maison du Canada-ն, Սպանիոյ դեսպանատունը եւ Գահիրէի միջնաբերդը: