ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն գագաթաժողովը։ Թուրքիան ներկայացուց Վարչապետ Ահմէտ Տավուօղլու, որու կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԵՄ-ի գծով նախարար ու աւագ բանագնաց Վոլքան Պոզքըր։ Պրիւքսէլի մէջ էին նաեւ ԵՄ-ի հիմնական կառոյցներուն առաջին դէմքերը, ինչպէս նաեւ անդամ երկիրներուն կողմէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ։ Ամենաբարձր մակարդակի վրայ կազմակերպուած այս բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ գաղթականաց տագնապը։ Անկանոն գաղթի եւ փախստականներու նոր հոսքի մը կանխարգիլման ուղղեալ տեղի ունեցան ծաւալուն քննարկումներ։
Այս գագաթաժողովին զուգահեռ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ միջանկեալ շատ կարեւոր ժողով մը՝ Սուրիոյ իրադրութեան շուրջ։ Այս շրջագծով Ահմէտ Տավուտօղլու մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի, Իտալիոյ Վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։
Տավուտօղլու Պրիւքսէլի մէջ առանձին տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի եւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ։ Օրուան տեւողութեան, օգտուելով Պրիւքսէլի մէջ գտնուելու առիթէն՝ վարչապետը այցելեց նաեւ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնատեղին, ուր հիւրընկալուեցաւ ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի կողմէ։
Կը հաղորդուի, որ երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Թուրքիա գաղթականաց խնդիրը լուծելու համար հինգ հիմնական խոստում տուաւ ԵՄ-ին, իսկ փոխարէնը՝ առաջադրեց կարգ մը պահանջներ։ Այսպէս, թրքական կողմը կ՚ակնկալէ յառաջիկայ Յունիսի վերջաւորութեան դրութեամբ թրքահպատակներու առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան Շենկէնի գօտի մուտք գործելը։ Ներկայիս ԵՄ գաղթականաց համար 3 միլիառ եւրօ արժողութեամբ օժանդակութիւն մը խոստացած է Թուրքիոյ համար։ Անգարայի ղեկավարութիւնը մինչեւ 2018 թուականը նոյն նպատակով կը պահանջէ եւս 3 միլիառ եւրօ։ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ իր կողմէ նախատեսուած կանոններէն դուրս ընդունուելիք իւրաքանչիւր գաղթականի պարագային Եւրոմիութիւնն ալ գաղթական մը ընդունի Թուրքիայէն։ Այս բոլորի առընթեր, Անգարայի ղեկավարութիւնը կը պահանջէ նոր գլուխներու քննարկման բացուիլը՝ Թուրքիոյ ԵՄ-ի լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններուն շրջագծով։ Անգարա կը պահանջէ յետընդունման գործընթացի ծախսերուն ԵՄ-ի կողմէ դիմագրաւուիլը եւ Յունաստանի կղզիներուն գաղթականներէ ամբողջութեամբ դատարկուիլը։
Այս բոլոր նիւթերուն շուրջ երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցան ծաւալուն քննարկումներ, սակայն կարելի չեղաւ վերջնական արդիւնքներ ապահովել։ Կը հաղորդուի, որ երէկուան բանակցութիւններուն լոյսին տակ վերջնական որոշումները պիտի ընդունուին ԵՄ-ի Մարտի 18-ին նախատեսուած գագաթաժողովին ընթացքին։
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երէկ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է նաեւ մամլոյ ազատութեան խնդիրը։ ԵՄ-ի ներակայցուցիչները շեշտած են, թէ սա Եւրոպայի հիմնարար արժէքներէն մին է։
Միւս կողմէ, Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Եէնս Սթոլթենպերկ երէկ Պրիւքսէլի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Անոնք այս առթիւ ընդգծեցին, թէ Թուրքիա եւ ՆԱԹՕ զօրակցութեան մէջ են։ Դաշինքը արդէն այսօրուան դրութեամբ Եգէականի մէջ աշխատանքի ձեռնարկած է՝ գաղթականաց հոսքի վերահսկողութեան համար։ Սթոլթենպերկ ընդգծեց, թէ ՆԱԹՕ-ի նաւերը կը հետապնդեն մարդոց մաքսանենգութիւնները կանխելու նպատակը։
Ընդհանուր քարտուղարը միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիա կը գտնուի ճակատի առաջնագծին, հետեւաբար դաշինքը կը նախատեսէ թափ տալ իր դիտարկման աշխատանքին՝ Սուրիոյ սահմանի երկայնքով։ Իր կարգին, Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ շեշտեց, որ Թուրքիա կը նախընտրէ իր սահմանին տեսնել ՆԱԹՕ-ի ներկայութիւնը։ Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնեց գաղթականաց հաւանական նոր հոսքի մը պարագային եւ յիշեցուց, թէ ահաբեկչական սպառնալիքներ գոյութիւն ունին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) խմբաւորման եւ ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ։ Տավուտօղլու Պրիւքսէլի մէջ մեղադրեց նաեւ Ռուսաստանը՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ ոչինչ ընելով։
Հարկ է նշել, որ Պրիւքսէլի երէկուան ժողովէն վերջ այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս։ Տավուտօղլու իր պաշտօնակցին հետ ալ քննարկումներ կը ծաւալէ ներկայ այս հրատապ օրակարգին շուրջ։