ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿՆԷՆ ԱՒԵԼԻՆ
Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Կէորկի Ճանելիծէ երէկ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ՝ դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Վրացի նախարարը տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ օրուան տեւողութեան բանակցութիւններ վարեց իր ազէրի պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամէտեարովի հետ։
APA գործակալութեան հաղորդումներով, Պաքուի բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը գտնուին աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քան ռազմավարական գործընկերութիւնը։ Էլմար Մամէտեարով լրագրողներուն տեղեկացուց, թէ իր վրացի պաշտօնակցին հետ քննարկած են տարածքաշրջանային տնտեսական եւ քաղաքական հարցեր, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս ներկայ վիճակը։ Ճանելիծէն ալ ներկայացուցած է Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ կացութիւնը։ Մամէտեարովի խօսքերով, Ատրպէյճան եւ Վրաստան համակարծիք են տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքի անխախտելիութեան շուրջ։
Ճանելիծէն ընդունելու ժամանակ Իլհամ Ալիեւն ալ յոյս յայտնեց, թէ իր այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ՝ երկու երկիրներու այս տարուան համար նախատեսուած համագործակցութեան ծրագրերու համակարգման տեսանկիւնէն։