Երկուշաբթի 3, Մարտ 2025
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՐԵՒԱՆ
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր նախարարը շփումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Նալպանտեանէն, ան կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Նալպանտեան եւ Քոցիաս բանակցութիւններ կը վարեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ու կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017