ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան արդէն տասնամեայ պաշտօնավարութեան շրջան մը աւարտած է ներկայիս։ Այս կապակցութեամբ, Ռազմիկ Փանոսեան ամփոփ զեկոյց մը հրապարակած է իր տասնամեայ գործունէութեան մասին։ Վերջին տասնամեակի գործունէութեան հաշուեկշիռը ներկայացնելով՝ ան հրապարակած է մանրամասնութիւններ, նաեւ մատնանշած է ապագայ աշխատանքի առաջնահերթութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ռազմիկ Փանոսեանի զեկոյցը։

*

Փետրուար 2023-ին ամբողջացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին ղեկը ստանձնելուս տասն տարին։ Այս առիթը, առօրեայ աշխատանքիս կողքին, կարելիութիւն ընձեռեց յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցեալին եւ մտածելու ապագայի մասին:

2023 թուականը կը համընկնի բովանդակ հիմնարկի նոր ռազմավարական ծրագրի մեկնարկին: Մայիս 2022-ին, փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժօ ստանձնեց հիմնարկի նախագահութիւնը եւ իսկոյն ձեռնամուխ եղաւ ռազմավարական վերամշակման եւ ծրագրաւորման գործընթացին: Հայկական բաժանմունքը ամբողջութեամբ մասնակցեցաւ ամիսներ երկարած խորհրդակցութիւններուն եւ նախապատրաստութիւններուն, որոնցմէ ետք դեկտեմբերին հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ ընդունուեցաւ 2023-2027 շրջանի ռազմավարական ծրագիրը։ «Կայունութիւն»ը եւ «արդարակշռութիւն»ը ի յայտ եկան՝ որպէս երկու հիմնական սկզբունքներ, առանցքը դառնալով հիմնարկի գործունէութեան:

Հայկական համայնքներու բաժանմունքին համար անցումային տարի մըն է 2023-ը՝ քանի կ՚ամփոփէ նախորդ հնգամեայ ծրագիրը եւ կը ձեռնարկէ նորին: Մեր առաքելութեան վերամշակուած բնաբանն է՝ «հզօրացնել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը սփիւռքի մէջ եւ խթանել գիտական հետազօտութիւնն ու քննական միտքը Հայաստանի մէջ»: Նշեալ յայտարարութեան մէջ կայ թէ՛ շարունակականութիւն, թէ՛ փոփոխութիւն։ Կը շարունակենք կեդրոնացած մնալ լեզուի, մշակոյթի եւ կրթութեան վրայ՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի վրայ, միաժամանակ ներմուծելով նոր տարրեր, որոնք ներկայիս անհրաժեշտ են հայութեան. ինչպէս՝ գիտական հետազօտութիւններ, ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ քաղաքականութիւններ մշակելու միտումով եւ քննական մտածելակերպի զարգացում՝ ազգային հարցերուն աւելի լաւ լուծումներ բերելու համար:

Բաժանմունքի գործունէութեան նոր հիմնասիւները կ՚արտացոլեն հայկական աշխարհի երկուութիւնը՝ Հայաստան եւ սփիւռք: Լիովին գնահատելով ազգի երկու հատուածներու միջեւ փոխկապակցութիւնը՝ մեր մօտեցումը այնուամենայնիւ կը մնայ սփիւռքակեդրոն: Սա հիմնուած է ո՛չ միայն ժողովրդագրական փաստերու վրայ, ըստ որոնց հայ ժողովուրդի երկու երրորդը կ՚ապրի Հայաստանէն դուրս, այլեւ ցուցիչն է աւելի խորունկ փիլիսոփայական հեռանկարի մը. սփիւռքը ազգին եւ հայ ինքնութեան անբաժան մասնիկն է եւ ան պէտք է սնանի եւ զարգանայ եւ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ անոր: 

Նոր հնգամեայ ծրագիրը լուսարձակի տակ կ՚առնէ երկու հիմնական խնդիրներ՝ ապահովել արեւմտահայերէնի եւ մշակոյթի կայունութիւնը սփիւռքի մէջ եւ ամրապնդել Հայաստանի մէջ առկայ խնդիրներու վերաբերեալ քննական յանձնառութեան վրայ հիմնուած գիտական հետազօտութիւնները: Ի մասնաւորի մեր գործունէութիւնը այսուհետեւ պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ չորս հիմնասիւներուն վրայ.

Երաշխաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը՝ հովանաւորելով լեզուի իւրացումի եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներէն սկսեալ, մինչեւ լեզուն ամրապնդող թեքնաբանական նախաձեռնութիւնները:

Մշակութային ստեղծագործական աջակցութիւն, որով շեշտը կը դրուի թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արուեստներու փոխակերպող դերին վրայ հասարակութիւններու եւ անհատներու կեանքին մէջ:

Հետազօտական աջակցութիւն եւ թարգմանութիւններ, որոնք կը խթանեն հասարակական-ընկերային գիտութիւններու ոլորտին մէջ քննական մտածելակերպը եւ փաստացի հիմք կը հանդիսանան քաղաքականութեան մշակումի համար՝ յատկապէս Հայաստանի մէջ:

Համալսարանական կրթաթոշակներ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հայագիտութեան եւ ժամանակակից խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ զարգացող երկիրներու մէջ հայ ընթացաւարտ թեկնածուներու վրայ:

«Կայունութիւն»ը եւ «արդարակշռութիւն»ը առընչուած են մեր բոլոր չորս հիմնասիւներուն հետ: Ի տարբերութիւն մեր նախորդ ռազմավարական ծրագիրին, 2023-27 շրջանին մեր մօտեցումներուն մէջ պիտի չառաջնորդուինք աշխարհագրական բաժանումներով, այլ պիտի կեդրոնանանք համահայկական նիւթերու վրայ՝ անդրադառնալով աշխարհատարած հայկական համայնքներու փոխկապակցութեան:

Շուտով պիտի հաղորդենք մեր նոր ռազմավարական ծրագրի մանրամասնութիւնները մեր թարմացուած կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած շարք մը միջոցառումներով: Ներկայիս կ՚ամբողջացնենք 2014-էն ի վեր մեր կողմէ աջակցութիւն ստացած ծրագիրներու եւ տրամադրուած կրթաթոշակներու ցուցակները։ Թափանցիկութեան համար այս բոլորը պիտի տեղադրուին մեր կայքէջին վրայ: Հոն պիտի գտնէք նաեւ վերջին տասը տարիներուն մեր ծաւալած գործունէութեան հաշուետուութիւնը:

Մինչեւ այստեղ գրութիւնս անդրադարձաւ ապագային: Ինչպէս նշեցի, տասնամեայ նշաձողը նաեւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ յետադարձ ակնարկով արժեւորում մը կատարելու: Ինծի յաճախ հարց տուած են, թէ որո՞նք են բաժանմունքին ամենամեծ ձեռքբերումները՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին միանալէս ի վեր: Բարդ է հարցումը: Համառօտ պիտի ուզէի նշել երեք պարզ ու յստակ ուղղութիւններ, որոնք բաժանմունքը գլխաւորած է կամ որոնց զարգացումին զգալիօրէն նպաստած:

Նախ՝ արեւմտահայերէնը դրած ենք «քարտէսին վրայ»: Թէեւ շատերը կը խօսին լեզուին դիմագրաւած վտանգներուն մասին, մենք իրապէս նկատելի միջոցներ ներդրած ենք զայն կենսունակ դարձնելու՝ հովանաւորելով մանկավարժական գործիքներ, ուսուցիչներու զարգացումի ծրագիրներ, ուղղագրիչներ, գրականութեան թուայնացում, դպրոցական օժանդակութիւններ, հրատարակութիւններ, մշակութային ծրագիրներ, չափահասներու լեզուի դասընթացքներ եւ այլն: Այս բոլորը յարաճուն կերպով ամրապնդած է լեզուն եւ անոր նկատմամբ յառաջ բերած է նոր ոգեւորութիւն, ի մասնաւորի երիտասարդներու մօտ: Արեւմտահայերէնը «վտանգուած» լեզու է, մեռած լեզու չէ՛: Ներկայ սերունդը հնարաւորութիւնը ունի շրջելու գործընթացը եւ մենք ուրախ ենք ըլլալու այս շարժումին առաջնորդներէն մէկը:

Երկրորդ՝ մեր հետազօտական եւ թարգմանական դրամաշնորհներու միջոցաւ, մենք առանցքային դեր ունինք հայագիտութեան «արդիականացման» մէջ. մէկ կողմէ աւելի շատ ժամանակակից նիւթերու հետազօտութիւններ հովանաւորելով, միւս կողմէ՝ նոր մտածելակերպ ու մօտեցումներ բերելով Հայաստան՝ ընկերային գիտութեան-հասարակագիտական կարեւոր նիւթերու թարգմանութիւններու միջոցաւ։ Այս ոլորտին մէջ շատ աւելին կ՚ակնկալուի եւ հետեւաբար յառաջիկայ հինգ տարիներուն մեր բացայայտ կեդրոնացումը պիտի դրուի վերոնշեալ երկու ուղղութիւններուն վրայ: Հայկական սփիւռքի հարցախոյզը, Հայաստանի մէջ այժմէկան նիւթերու, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ լայն առումով հայագիտական ուսումնասիրութեանց համար տրամադրուած կրթաթոշակներն ու գիտահետազօտական դրամաշնորհները, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններու շարքի հովանաւորումը այս գործունէութեան վառ օրինակներն են:

Երրորդ՝ չեմ կրնար չանդրադառնալ համալսարանական մեր կրթաթոշակներու ծրագիրին, որ աջակցած է աշխարհասփիւռ հազարաւոր ուսանողներու: Այս մէկը ստոյգ հպարտութեան առիթ է: Հայագիտական ոլորտի մէջ ներկայիս գործող նոր տաղանդներէն շատերը անցեալին արժանացած են «Կիւլպէնկեան»ի տրամադրած կրթաթոշակներու: Ամէն տարի 8-15 մագիստրոսական, տոքթորական եւ յետտոքթորական կրթաթոշակներ կը տրամադրենք՝ միայն հայագիտական ոլորտի ուսանողներու (Հայաստանէն դուրս), որոնց կողքին՝ բազմաթիւ այլ կրթաթոշակներ։ Նպաստներ կը յատկացնենք նաեւ գիտական ոլորտներու հետազօտողներուն եւ տարբեր մասնագիտութիւններու հետեւող հայ ուսանողներուն, ներառեալ գիտաժողովի եւ ճամբորդական դրամաշնորհներ՝ Հայաստանի մէջ գործող երիտասարդ հետազօտողներու համար:

Համոզուած եմ, թէ Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջին տասն տարիներուն ընթացքին փոխակերպող դեր խաղացած է այս երեք ոլորտներուն մէջ: Յառաջիկայ հինգ տարիներուն մեր ծրագրային չորս հիմնասիւները պիտի առաջնորդուին վերոյիշեալ ուղղութիւններով՝ միշտ նկատի ունենալով շրջարկը, ուր մենք կը գործենք եւ կեդրոնանալով սփիւռքի եւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ։ Ճկունութիւնը՝ մանաւանդ ճգնաժամերու ընթացքին, նպաստատու կազմակերպութիւններու յաջողութեան բանալին է։ Ճկունութիւն ցուցաբերեցինք համաճարակին եւ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին՝ տրամադրելով մարդասիրական օժանդակութիւններ կամ հիմնովին փոխելով մեր նախագիծերը, միեւնոյն ժամանակ, չշեղելով մեր աշխատանքային ուղիէն:

Իսկ ներքին մակարդակով, նախորդ տարի վերամշակեցինք մեր կայքէջը ամբողջութեամբ զայն դարձնելով երկլեզու՝ արեւմտահայերէն եւ անգլերէն։ Նոյնիսկ «թխուկներու քաղաքականութիւնը» հայերէնով է: Աւելցուցինք մեր մարդուժը՝ նոր օգնական տնօրէնուհի նշանակելով Շողեր Մարկոսեանը: Մեկնարկեցինք Facebook-ի վրայ մեր բաժանմունքի սեփական էջը՝ անմիջականօրէն ներգրաւուելու համար ընկերային ցանցերուն: Խնդրեմ, հետեւեցէ՛ք մեր էջին:

Յառաջիկայ ամիսներուն, մինչ կը սկսինք իրագործել նոր հնգամեայ ծրագիրը, մեծագոյն մարտահրաւէրս պիտի ըլլայ ապահովել ծրագիրի շարունակականութիւնն ու միաժամանակ անոր փոփոխութեան գործընթացը: Փոփոխութիւնը կ՚ենթադրէ գտնել նոր հաւասարակշռութիւն մը հին եւ նոր նպաստառուներու միջեւ, դժուար պիտի ըլլայ որոշ ծրագիրներու օժանդակութիւնը դադրեցնել՝ մանաւանդ տարիներու համագործակցութենէ ետք: Սակայն պատրաստ ենք դիմագրաւելու նոր մարտահրաւէրներ, մշակելու նոր նախագիծեր եւ զարգացնելու նոր համագործակցութիւններ։

Գալով ընթացիկ նախաձեռնութիւններուն, հարկ է միշտ ի մտի ունենալ հետեւեալ հարցադրումը. «ո՞ւր է տուեալ նախագիծին դրական ներգործութիւնը»։ Այս հարցումին պատասխանը միշտ պէտք է կարենանք տալ հիմնարկի հոգաբարձու խորհուրդին եւ աւելին՝ մեր հանրութեան: Կ՚ընդունինք, որ դրական ներգործութիւն մը ցոյց տալը՝ որպէս շօշափելի ցուցիչ, դժուար է, երբ յատկապէս նիւթը կը վերաբերի լեզուին, մշակոյթին եւ կրթութեան: Հարկ է աշխատիլ այս ուղղութեամբ՝ համագործակցելով հիմնարկի այլ նպաստատու բաժանմունքներու մէջ աշխատող գործընկերներու հետ։

Ոգեւորուա՛ծ ենք յառաջիկայ հինգ տարիներով: Պիտի շարունակենք հովանաւորել ծրագիրներ, մշակել նոր նախագիծեր, դասեր քաղել մարտահրաւէրներէն եւ շարունակել մեր երթը: Միշտ օրինակ ծառայած է ինծի մեր մեծ սերունդը, որ ցեղասպանութենէն ետք իր կեանքը, մշակոյթը, լեզուն եւ կենսունակ համայնքներ կերտեց սփիւռքի մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան անձամբ 1920-1930-ական թուականներուն իր իւրայատուկ դերը ունեցաւ վերակառուցման այդ գործընթացին մէջ։ Մենք կրնանք նոյնը ընել։ Փաստօրէն ա՛յս է մեր փիլիսոփայութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքէն ներս։

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023