ԿԻԶԱԿԷՏԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐ

Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները կիզակէտի հիմնահարցերու շարքին կը դասուին՝ հակառակ միջազգային օրակարգի գերծանրաբեռնուած առկայ վիճակին։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան որոնումները՝ կողմերուն միջեւ նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագրով հանդերձ։ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը ներկայիս Անգարա-Ուաշինկթըն համապարփակ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ ալ կը գտնուի։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Սպիտակ տան մէջ տեսակցեցաւ նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ Կողմերը ընդգծած են, որ այս ուղղութեամբ ձեռք բերուելիք յառաջընթացը վճռորոշ կ՚ըլլայ Կովկասի բարգաւաճման համար։

Ուաշինկթընի մէջ Հաքան Ֆիտան ժամադրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Ան Քոնկրէսէն ներս ալ հանդիպումներ ունեցաւ՝ մասնաւորապէս տեսակցելով ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պենժամին Քարտինի եւ միւս անդամներուն հետ։

Թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններուն առընթեր, երէկ դաշտի վրայ ալ տեղի ունեցան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցով հերթական հադիպումը տեղի ունեցաւ՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հերթական բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին սահմանազատման հարցերուն շուրջ եւ սկսան յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի նախագծի համաձայնեցումը։ Բաց աստի, կողմերը քննարկեցին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին վերաբերեալ համապատասխան ուղեցոյցներու նախագծերը։ Համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի սեղմ ժամկէտներու մէջ աւարտին հասնի յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան վերաբերեալ կանոնակարգի նախագծի համաձայնեցումը։ Հուսկ, կողմերը համաձայնեցան, որպէսզի աշխատանքային կարգով նախանշուի այս յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպման վայրն ու թուականը։ Հարկ է յիշեցնել, որ հերթական այս բանակցութիւններէն առաջ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճան չ՚ընդունիր ներկայիս Հայաստանի սահմանամերձ շուրջ երեք տասնեակ գիւղերու բռնագրաւման տակ գտնուիլը։

Երեւան-Պաքու այս ուղիղ շփումին զուգահեռ՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ աւարտեց դէպի Թեհրան այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Բաց աստի, Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունական Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Կոնստանդինոս Քոմպոսը, որ օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այս առթիւ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստան եւ Յունական Կիպրոս կը պատրաստուին փոխադարձաբար դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ՝ այսինքն դեսպանատուներ բանալ իրարու մայրաքաղաքներուն մէջ։

Բազմաբնոյթ շփումներու այս համայնապատկերին վրայ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին կողմէ «Անատոլու» գործակալութեան տրուած հարցազրոյցը։ Այսպէս, ան ըսաւ. «Անկեղծօրէն կը փափաքինք՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուի, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին, ժողովուրդներու միջեւ կապերը ընդլայնուին»։ Նախարարը յիշեցուցած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցները։ Ան ընդգծած է, որ կողմերը մշտական կապի մէջ են, ինչ որ կ՚ապահովէ դրական տինամիք մը։ Միրզոյեան յիշեցուցած է Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութիւնները ու նշած է, որ անոնք հարցականի տակ կը գտնուին։

Հարցազրոյցին մէջ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն։ «Երկու կարեւոր հարցի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտեցումները տարբեր են», ըսած է ան։ Այսպէս, Միրզոյեանի խօսքով՝ այդ հարցերէն առաջինը կը վերաբերի երկու երկիրներու սահմաններու որոշման սկզբունքներուն, իսկ միւսը՝ տարածաշրջանային կապերուն ու փոխադրութեան գիծերուն։ Նախարարը կրկնած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հայկական կողմի համոզմամբ՝ սահմանազատման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ Ալմա-Աթայի հռչակագրի շրջանակներէն ներս։ «Ոչ ոք նոր սահմաններ գծելու իրաւասութիւն ունի», նշած է ան։

Բաց աստի, հարցազրոյցի ընթացքին Միրզոյեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի համար առաջին հերթին կարեւոր է տարածաշրջանային փոխադրական հաղորդակցութիւններու բացումը, ինչ որ կրնայ տնտեսական օգուտներ ապահովել իրեն։ «Հայաստան կը նախատեսէ, որ իր կողմէ օրակարգի վրայ բերուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը կ՚ըլլայ տնտեսապէս կարեւոր եւ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան երաշխիք։ Մեր ժողովուրդը արժանի է խաղաղութեան եւ մեզմէ ոչ ոք դատապարտուած է մշտական թշնամանքի։ Մենք իսկապէս խաղաղութեան հնարաւորութիւն ունինք հիմա», մատնանշած է Արարատ Միրզոյեան՝ վերահաստատելով, որ հայկական կողմը հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան օրակարգին։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2024