ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵՑԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շաբաթավերջին ալ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ապրիլի 6-7-ի գիշերը, ժամը 22.45-էն սկսեալ, մինչեւ ժամը 00.25-ը՝ թիրախաւորեցին սահմանի զանազան հայկական դիրքերը։ Այսպէս, կրակ բացուեցաւ Խոզնաւարի (Սիւնիքի մարզ), Արաւուսի (Սիւնիքի մարզ), Սոթքի (Գեղարքունիքի մարզ) դիրքերուն վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական անգամ տարածած է իրականութեան չհամապատասխանող հաղորդագրութիւն մը, որով կը պնդուի, որ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւեալ եւ հարաւ-արեւելեան հատուածներէն ներս տեղակայուած Ատրպէյճանի դիրքերուն վրայ։

Շաբաթավերջի այս հաղորդումներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն ալ ուրիշ հաղորդագրութիւնով մը հերթական անգամ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել։ Արդարեւ, Պաքուէն պնդումները կը շարունակուին, թէ հայկական զօրքերու ստորաբաժանումները կը թիրախաւորեն Ատրպէյճանի սահմանամերձ դիրքերը, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024