ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔ

Թուր­քիա այս օ­րե­րուն հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով լա­րուա­ծու­թիւն կ՚ապ­րի Լիւք­սեմ­պուր­կի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նը նա­խըն­թաց օր ըն­դու­նած էր բա­նա­ձեւ մը, ո­րու հի­ման վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­րա­կու­մը տուած էր 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն։ Այս ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ Լիւք­սեմ­պուրկն ալ մաս կազ­մէ այն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ո­րոնք ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ հետ լա­րուա­ծու­թիւն­ներ կ՚ապ­րին հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց կու տայ այս երկ­րին դէմ։ Թուր­քիա ան­մի­ջա­պէս խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար ետ կան­չած է Լիւք­սեմ­պուր­կի մօտ իր դես­պա­նը՝ Լե­ւենտ Շա­հին­քա­յան։ Մինչ Լիւք­սեմ­պուրկ հան­դի­սա­ցած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը իւ­րա­ցու­ցած 22-րդ եր­կի­րը, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ ե­րէկ թարգ­ման հան­դի­սա­ցաւ Թուր­քիոյ բո­ղո­քին։ Նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ շեշ­տուե­ցաւ, թէ Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու եւ ի­րա­ւուն­քի ա­ղա­ւա­ղու­մով ըն­դու­նուած ո­րո­շու­մը կը պա­խա-­րակուի ու կը մեր­ժուի։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րոշ­ման մէջ յղում մըն ալ կա­տա­րուած էր ՄԱԿ-ի 1948 թուա­կիր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թեան՝ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց նաեւ այս հան­գա­ման­քին։ Թրքա­կան կող­մին հա­մոզ­մամբ, կա­տա­րուած այդ յղու­մով հան­դերձ Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նը շատ հե­ռու է հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ըմբռ­նե­լէ եւ մաս­նակ­ցած է՝ իր կող­մէ օ­րի­նակ առ­նուած կարգ մը խորհր­դա­րան­նե­րու մատ­նուած սխա­լին։ Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, որ խորհր­դա­րան­նե­րը չեն կրնար ինք­զինք­նին դա­սել մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րան­ներ եւ վճիռ ար­ձա­կել ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման շատ լուրջ յան­ցա­գոր­ծու­թեան մը կա­պակ­ցու­թեամբ։ Սա կ՚ըլ­լայ պատ­մու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի չա­րա­շա­հում։ Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն, Թուր­քիա հա­յոց հետ ցա­ւոտ է­ջե­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ ո­գե­կո­չել ար­ժա­նա­պա­տիւ ձե­ւով եւ յար­գան­քի շրջագ­ծով։

Հարկ է նշել, որ Թուր­քիոյ այս մօ­տե­ցում­նե­րը յանձ­նուած են նաեւ Ան­գա­րա­յի մօտ Լիւք­սեմ­պուր­կի դես­պան Առ­լէթ Քոն­զե­միու­սի նկա­տառ­ման։ Ար­դա­րեւ, դես­պա­նը ե­րէկ հրա­ւի­րուած է Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այս հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջա­վայ­րին մէջ, Լիւք­սեմ­պուր­կի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան Ա­սել­պոռնն ալ յայտ­նեց, թէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճա­նա­չու­մը թշնա­մա­կան ա­րարք մը չէ Թուր­քիոյ դէմ։

Միւս կող­մէ, հայ­կա­կան հար­ցը ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ։ Այս­պէս, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան մէկ­տե­ղուե­ցաւ խումբ մը պատ­մա­բան­նե­րու եւ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու հետ։ Ե­րեք ժամ տե­ւեց այս դռնփակ հան­դի­պու­մը, ո­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ զան­գուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ ստեղծուած է լայն ար­ձա­գանգ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու բա­նա­ձե­ւու­մով, օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տը, Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մին 100-րդ տա­րե­լի­ցը եւ 1915-ի դէպ­քե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ մի առ մի թուար­կուած են այն ա­նուն­նե­րը, ո­րոնք հա­մախմբուած են ճա­շա­սե­ղա­նին շուրջ։ Մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ տեղ տրուած է նաեւ ճա­շա­սե­ղա­նի կարգ մը մաս­նա­կից­նե­րու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կամ փո­խան­ցած վկա­յու­թիւն­նե­րուն։ Այս ծի­րին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տադ­րուած է Էր­տո­ղա­նի կող­մէ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի դէմ վրդով­մունքն ու դառ­նու­թիւ­նը։ Էր­տո­ղան յայտ­նած է, թէ Փու­թի­նի հետ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի  ըն­թաց­քին եւս ար­տա­յայ­տած է իր դառ­նու­թիւ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կրկնած է նաեւ, թէ Թուր­քիա պատ­րաստ է իր ար­խիւ­նե­րը բա­նա­լու, նե­րա­ռեալ զինուո­րա­կան ար­խիւ­նե­րը։

Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին կա­պակ­ցու­թեամբ մա­մու­լին մօտ լոյս տե­սած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու շար­քին կայ նաեւ ար­տա­սո­վոր տուեալ մը։ Այս­պէս, հայ­կա­կան հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ Էր­տո­ղան քննա­դա­տու­թիւն­ներ հաս­ցէագ­րած է իր նա­խոր­դին՝ Հան­րա­պե­տու­թեան 11-րդ նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւ­լին։ Ըստ ի­րեն, մի­ջա­վայ­րը մեղ­մաց­նե­լու փոր­ձե­րով ան­կա­րե­լի է լու­ծում մը գտնել այս հար­ցին։ «Ա­ւե­լի ա­ռաջ տար­բեր քայ­լեր առ­նուե­ցան։ Ե­րե­ւան մեկ­նուե­ցաւ, մրցում դի­տուե­ցաւ, այս բո­լո­րը ըն­կա­լուե­ցան որ­պէս ջերմ, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մեղ­մաց­ման պատ­գամ­ներ, սա­կայն զօ­րա­ցու­ցին Ե­րե­ւա­նի դիր­քը։ Ա­ւե­լի վերջ մենք ա­ւե­լի սաս­տիկ ճնշում­նե­րու են­թար­կուե­ցանք», ը­սած է Էր­տո­ղան ե-­րէ­կուան ճաշ­կե­րոյ­թին ըն­թաց­քին՝ ըստ «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րուն։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015