ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րուան­նե­րէն մին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին մայր տա­ճա­րին մէջ, ուր հա­յոց նա­հա­տակ­նե­րը ո­գե­կո­չուե­ցան ար­դա­րու­թեան ու խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթ­քով։ Միջկ­րօ­նա­կան մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը, ո­րու կող­քին էին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը, Ա­սո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ Եփ­րեմ Բ. Պատ­րիար­քը եւ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Քրիս­տո­նեայ եւ այլ դա­ւա­նանք­նե­րէ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու հա­մախմ­բու­մով կազ­մա­կեր­պուած այս ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն։ Սերժ Սարգսեա­նի ու­ղե­կից բարձ­րա­ստի­ճան պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ներ­կայ էր նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Սա­ման­թա Փաուէր։ Պատ­մա­կան տա­ճա­րին մէջ ա­ղօթ­քին մաս­նակ­ցե­ցան Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ Քեթ­րին Սքո­րի Ե­պիս­կո­պո­սը եւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Օ­լավ Ֆիք­սէ Թուէյթ։

Պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Սերժ Սարգ­սեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ ԱՄՆ-ի դիր­քո­րոշ­ման։ «Կը յու­սամ, որ ԱՄՆ-ի կող­մէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան լիար­ժէք ճա­նաչ­ման հար­ցը ոչ թէ «ե­թէ»ի, այլ «ե՛րբ»ի հարց է», ը­սաւ Սարգ­սեան այս առ­թիւ։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015