ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
«Շեհիր» համալսարանի գրականութեան բաժանմունքը որպէս մագիստրոսական դասընթացք այս տարեշրջանին կ՚աւանդէ «Գրականութիւն եւ աղէտ» խորագրեալ դասընթացքը, որուն առանցքը կը կազմէ Մեծ Եղեռնին ընկալումն ու փոխանցումը գրականութեան միջոցով։ Դասընթացքը կը վարէ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որու հրաւէրով երէկ դասախօսեց բանասէր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբգիր Սեւան Տէյիրմենճեան՝ նիւթ ունենալով Յակոբ Օշականին գրականութիւնը։ Հիւր դասախօսը նախ պատմեց Օշականի սկզբնաւորութիւնը՝ տալով հեղինակին միջավայրը։ Յատկապէս կանգ առնելէ ետք «Մեհեան»ի շրջանին ու «Մեր հանգանակը»ին՝ Տէյիրմենճեան խօսեցաւ նորավէպին ու իրապաշտական գրականութեան առընչութիւններուն մասին։ Մեծ Եղեռնի՝ Աղէտի վրայ ծանրանալէ ետք, դասախօսը անդրադարձաւ Օշականի «Խոնարհները» շարքին եւ մինչեւ 1926 թուականը Պոլիս տպուած միւս գիրքերուն։ Հեղինակի սփիւռքեան ոդիսականին մասին խօսելէ ետք, դասախօսութիւնը ամփոփուեցաւ Օշականի երկու մեծ գործերուն՝ «Մնացորդաց»ին ու «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան»ին վրայ ընթացած զրոյցով։