ԿՈՒՍԱԿՑԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ հանդիպում մը ունեցան Անգարայի մէջ։ Երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ սա եօթ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին հանդիպումն էր։ Էօզէլ տեսակցութենէն վերջ նշեց, որ զրոյցը անցած է դրական մթնոլորտի մը մէջ ու եղած է արդիւնաւէտ։

Կը հաղորդուի, որ երկու կուսակցապետները անդրադարձած են ենթադրեալ նոր սահմանադրութեան, հանգստեան թոշակներու, նուազագոյն աշխատավարձի վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք կարծիքներ փոխանակած են նաեւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի նիւթերուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024