ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁ

Արա Կիւլէրի թանգարանը, որ կը գործէ «Տողուշ» հոլտինկի հովանաւորութեան ներքեւ, ներկայիս հանդէս կու գայ շատ յատկանշական նախաձեռնութիւնով մը, որ դէպքի մը համազօր կը նկատուի Թուրքիոյ ընկերամշակութային կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս, Արա Կիւլէրի թանգարանն ու արխիւի եւ հետազօտութեան կեդրոնը կազմակերպած են «Գումգաբուի ձկնորսները» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որու պաշտօնական բացման հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ համախմբելով հոծ թիւով հետաքրքիրներ։

Այս ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմեն այն դրուագները, որոնք 1952 թուականի մայիսին լոյս տեսած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ, «Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն հետ» շարքի ծիրէն ներս։ Այդ շարքը Արա Կիւլէրի լուսանկարներով եւ Վարդան Օզինեանի տպաւորութիւններով սկսած է, շարունակուած է Արա Կիւլէրի թէ՛ դրուագներով եւ թէ գրութիւններով ու եզրափակուած՝ Վարդան Օզինեանի պատրաստած ցանկով։ Այս լուսանկարները Արա Կիւլէրի մամուլի մէջ լոյս տեսած առաջին դրուագներն են։ Այսինքն, ներկայ ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ անմոռանալի վարպետի լուսանկարչական կալուած մուտքին, առաջին քայլերուն վրայ։ Ցուցահանդէսի այցելուները, բացի Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն, այս ծրագրի շրջանակներէն ներս կը տեսնեն՝ անոր առաջին մամլոյ քարտը, պաշտօնական մամլոյ քարտ ստանալու համար դիմումը եւ արխիւէն այլ նիւթեր կամ առարկաներ, որոնց կարեւոր մեծամասնութիւնը տրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կողմէ կամ կապ ունի թերթիս հետ։

«Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն հետ» յօդուածաշարքի առանցքին վրայ պատրաստուած ներկայ ցուցահանդէսը կը կրէ «Գումգաբուի ձկնորսները» անունը։ Արդարեւ, 1952 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար այդ շարքը նկարահանելէ վերջ, 1957-ին Արա Կիւլէր վերստին նոյն վայրին մէջ, նոյն նիւթով նկարահանումներ կատարած է։ Այժմու ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ այդ բոլոր դրուագները, ուստի ցուցահանդէսին անունն ալ վերաբանաձեւուած է աւելի համապարփակ ձեւով։ Հարկ է յիշեցնել, որ երկրորդ նկարահանումը կատարուած է՝ Գումգաբուի ձկնորսներու նաւահանգիստի տեղափոխութեան վաղորդայնին, երբ յայտնի դարձած էր, թէ արդէն պիտի կառուցուէր՝ Պոլսոյ պատմական պարիսպներու անմիջապէս առջեւի ծովափի ճանապարհը, այսօրուան «Քենետի» պողոտան։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ 1952 թուականին լոյս տեսած յօդուածաշարքն ու թրքերէն թարգմանութիւնը գիրքի ձեւաչափով հրատարակուած էր «Արաս»ի կողմէ։ Անշուշտ, այժմ կազմակերպուած ցուցահանդէսի պարագային այդ թարգմանութիւնը օգտագործուած է որպէս կարեւոր նիւթ, ի դէպ անգլերէնով հանդերձ։

«Պոմոնթիատա» համալիրը, որու մէջ խարսխուած են Արա Կիւլէրի թէ՛ թանգարանը եւ թէ արխիւի ու հետազօտութեան կեդրոնը, երէկ ժամադրավայրը հանդիսացաւ հոծ թիւով գեղարուեստասէրներու։ Այցելուներու շարքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան, «Տողուշ» հոլտինկի գլխաւոր գործադիր քարտուղար Հիւսնիւ Աքհան, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի ներկայացուցիչները, բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, հասարակական կամ մշակոյթի գործիչներ, նաեւ համայնքային շրջանակներէն դէմքեր։ Արա Կիւլէրի թանգարանի եւ արխիւի ու հետազօտութեան կեդրոնի պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

«Գումգաբուի ձկնորսները» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որ շուրջ ամիս մը բաց պիտի մնայ, հետաքրքիրներուն կը մատուցէ յիշողութեան աննկարագրելի գանձ մը՝ քանի Արա Կիւլէրի դրուագները արդէն կ՚անդրանցնեն ժամանակները։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ թէ՛ վաւերագրական եւ թէ գեղարուեստական գերազանց արժէքով գործեր, որոնք անժամանցելի հետքեր կը ցոլացնեն՝ նոյնիսկ Արա Կիւլէրի ոսպնեակէն յորդածներուն մասին ազդանշաններ կու տան կամ բոլորը մտորումներու կ՚առաջնորդեն զանազան ուղղութիւններով։ Այս ցուցահանդէսը եթէ մէկ կողմէ Արա Կիւլէրը յետ մահու մեծարելու եւ իր աւանդը վերարժեւորելու առիթ մըն է, ապա միւս կողմէ Վարդան Օզինեանն ալ ոգեկոչելու հնարաւորութիւն մըն է։ Արդարեւ, անոնք Կեդրոնականի նստարաններէն եղած էին դասընկերներ եւ իրենց երիտասարդական եռանդով կատարած աշխատանքը տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ այսօր մեր դիմաց կը գտնուի նոր ծալքերով եւ երանգներով։

«Գումգաբուի ձկնորսները» ցուցահանդէսի բացման առթիւ հրատարակուած է նաեւ հաստափոր հատոր մը, որ կը բովանդակէ ծրագրին ընդգրկուած դրուագները, առարկաները եւ այլ գրութիւններ, որոնք կատարեալ թղթածրարի մը համարժէք են։ Կազմակերպիչները բացատրած են, թէ այդ բոլորը ի՛նչ տեսլականով այժմ կը մատուցուի գեղարուեստասէր հասարակութեան։ Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի եւ հրապարակագիր Լեւոն Պաղըշի գրութիւններուն։

Մայիս ամսուան երկրորդ կէսին, 1952 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած նոյն օրերուն՝ յառաջիկային պիտի վերահրատարակենք «Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն հետ» շարքը՝ նոյն լուսանկարներով։

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024