ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ ՆՈՅՆՊԷՍ «ԿՂԵՐԱԿԱՆ» ԷՐ
Քաղաքականութի՞ւն է արդեօք, երբ աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն» տաղը կատարելէ առաջ կ՚ըսէ, որ պատմական Հայաստանը, մեր մշակութային, հոգեւոր արժէքները իրեն համար խիստ կարեւոր են եւ ան չի պատկերացներ, թէ ինչպէս կրնայ ապրիլ ու ստեղծագործել առանց այդ արժէքներուն:
Մէկ կողմէ, կը կարծեմ, պարզ է, որ ջութակահարը քիլօմեթրերով հեռու է քաղաքականութենէն՝ հակառակ բացառուած չէ, որ իշխանական քարոզիչները հրապարակեն իր նկարը, ենթադրենք, Սերժ Սարգսեանի հետ եւ այդտեղէն եզրակացնեն, որ ան «5-րդ շարասիւն» է: Բայց ուղեղը չլուացած ոեւէ մարդու համար, կը կարծեմ, հասկնալի է, որ այդ իմաստով քաղաքականութիւնը չի հետաքրքրեր երաժիշտը:
Սակայն, միւս կողմէ, ես վստահ եմ, որ երբ խօսքը կ՚երթայ ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան, ապա ոեւէ հայ՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, երաժիշտ թէ փականագործ, պէտք է իր խօսքը ըսէ:
Ինչո՞ւ իշխանաւորները վտանգ կը տեսնեն այդպիսի խօսակցութիւններու մէջ: Որովհետեւ անոնք գիտեն, որ հայոց պատմութեան, մշակոյթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ որեւէ նիւթ կրնայ դիւր չգալ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ: Յայտնի է, օրինակ, որ Ալիեւ կը պահանջէ փոխել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ մեր պետական խորհրդանշանները: Իսկ Փաշինեան մտադիր է ընել այն ինչ, որ իրմէ կը պահանջէ Ատրպէյճանի նախագահը:
Ասոր համար, ի դէպ, անիմաստ է Փաշինեանին հարցնել. օրինակ, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի փոխուի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, ի՞նչ ժամանակացոյցով պիտի յանձնեն նոր տարածքներ, ի՞նչ վերանորոգութիւններ պիտի պահանջէ մեր պետութենէն թշնամին: Հայաստանի վարչապետը այս հարցերուն մէջ «սկզբնաղբիւր» չէ: Այդ հարցերը պէտք է տալ Ալիեւին:
Հայաստանի իշխանութիւններու այդ քաղաքականութիւնը կը խանգարէ ոեւէ հայ, որ կը խօսի ազգային արժանապատուութեան մասին, եթէ նոյնիսկ որեւէ ակնարկ չընէր իշխանափոխութեան վերաբերեալ:
…Գրիգոր Նարեկացին նոյնպէս «կղերական» էր: Գուցէ զի՞նքն ալ արգիլենք: Մանաւանդ, որ Նարեկավանքը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին մէջ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի