ՆՈՒՐԲ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր ժամադրուած են Քրեմլինի մէջ։ Վարչապետը այս առաւօտ մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ կը մէկտեղուի Փութինի հետ, որ երէկ նոր պաշտօնավարութեան շրջանին ձեռնարկեց։ Մոսկուա մեկնելէ առաջ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծումը արդէն 90 տոկոսով աւարտած է։ Իր Մոսկուա մեկնելուն զուգահեռ՝ Պաքուի մէջ ալ Ատրպէյճան-Իսրայէլ կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական տնօրէն Ալիզա Պին Նուն քննարկեցին Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակը։ Պրիւքսէլի մէջ ալ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներու տեղակալներու կոմիտէի անդամներուն հետ՝ քննարկելով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքը։

Փութինի հետ այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ՝ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կանգ առաւ տարածաշրջանէն ներս թշնամութիւններու կառավարման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ներկայացնելով իր տեսլականը տարածաշրջանի պետութիւններուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ՝ ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Վրաստանի եւ Իրանի հետ խորացնել ու զարգացնել բարիդրացիութիւնը, իսկ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ՝ թշնամութիւնը կառավարել, նուազեցնել եւ զերոյացնել, ինչպէս նաեւ համարկել տարածաշրջանային փոխադրութեան երթուղիները, տնտեսական կապերը հաստատել, խորացնել եւ զարգացնել։

«Թշնամութեան կառավարում կը նշանակէ նախ այնպէս մը ընել, որ այդ թշնամութիւնը անկառավարելի դրսեւորումներ չունենայ մեր տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ վարչապետը եւ այս առումով ընդգծեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին նշանակութիւնը։ «Թշնամութեան կառավարութեան նուազեցումը կամ զերոյացումը հնարաւոր է, երբ տնտեսական հաղորդակցութիւնները բաց են եւ այդ հաղորդակցութիւնը կ՚օգտագործուի գործարարութեան նպատակներու համար ու զուգորդուած տնտեսական շահով՝ կարելի է երկարաժամկէտ կտրուածքով քաղաքական իրագործելի խնդիր համարել նաեւ այս հարցը», համոզուած է Փաշինեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024