ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին երէկ հանդիպում մը ունեցան Մինսքի մէջ, ուր կը գտնուէին  Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքին առթիւ։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի ժողովներուն ժամանակ երկու վարչապետները քննարկեցին օրակարգային շարք մը արդի հարցեր։

«Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ կանոնաւոր աշխատանք կը տանինք Անդրկովկասի մէջ տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ Առհասարակ, նոր ենթակառուցուածքային երթուղիներու ստեղծումը կը բխի տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններու շահերէն», յայտնեց Միշուսթին զրոյցի ընթացքին։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Հայաստան-Ռուսաստան ցամաքային փոխադրումներուն տեսակէտէ յոյժ կարեւոր Վերին Լարսի (Վրաստան) անցակէտը փակուած է վերանորոգման աշխատանքներու պատճառով։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ այդ անցակէտը շուտով կը վերաբացուի։ «Շատ ուրախ եմ, որ ռուսական գործարարութիւնը Հայաստանի մէջ ինքզինք լաւ կը զգայ», ըսաւ Փաշինեան Միշուսթինի հետ զրուցելու ընթացքին՝ շեշտելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու դրական միտումը։

Ռուս վարչապետն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, թուայնացման եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներէ ներս համատեղ նախագծերով։

Վարչապետները ուրախութիւն յայտնեցին, որ երկու երկիրներու ապրանքաշրջանառութեան աճը մրցանիշի վրայ մրցանիշ կը կոտրէ։

Ուքրայնայի պատերազմի ծագելէն ի վեր Հայաստան-Ռուսաստան առեւտուրի ընդհանուր ծաւալը աննախընթաց վերելք մը կ՚արձանագրէ։ Արեւմուտքէն հետզհետէ աւելի մտահոգութիւն կը հնչէ, թէ Հայաստան հնարաւորութիւն կը ստեղծէ՝ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու շրջանցման համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023