Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԳԼՈՒԽԸ
Ազգային մեծ ժողովը արդէն կը ձեւաւորէ իր նոր շրջանի դիւանը։ Երէկ, խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Նուման Քուրթուլմուշ, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի կողմէ։ Քուէարկութեան առաջին երկու փուլերուն ան չկրցաւ ապահովել անհրաժեշտ 400 ձայնը։ Երրորդ փուլի քուէարկութեամբ ան խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ՝ 321 քուէով։ Այսպէսով ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Նուման Քուրթուլմուշ դարձաւ Ազգային մեծ ժողովի 30-րդ նախագահը։
Հարկ է նշել, որ Նուման Քուրթուլմուշ արդէն չորս շրջանէ ի վեր անընդհատ երեսփոխան ընտրուած է։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ հառախօսազրոյցով մը շնորհաւորեց խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը, որուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023