ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԻՄՇԷՔ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄՇԱԿԵԼ

Տնտեսութեան բնագաւառի մարտահրաւէրները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ հրատապ օրակարգը։ Յետընտրական շրջանին իշխանութիւնները արդէն կը պատրաստուէին այս ոլորտին մէջ ազդու քայլերով հանդէս գալ։ Մինչ այդ, վերջին քանի մը օրերուն տարադրամի փոխարժէքը դարձեալ անկանխատեսելի եւ սարսափելի վերիվայրումներ ապրած է, ինչ որ խուճապի տրամադրութիւններու եզրին բերած է ընդհանուր իրադրութիւնը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պետական գանձի ու ելմտական նորանշանակ նախարար Մեհմէտ Շիմշէքի վրայ։ Ան երէկ հանրային կարծիքին հետ բաժնեց իր նախատեսած գործունէութեան եւ ծրագիրներուն առանցքային սկզբունքները։ Աւելի բարգաւաճ երկիր մը ունենալու համար նախարարի առանցքային սկզբունքներն են՝ թափանցիկութիւնը, հաւասարակշռութիւնը, կանխատեսելիութիւնն ու հաշուետու ըլլալը։

Շիմշէք հանրային կարծիքին կոչ ուղղեց, որպէսզի հաւատ չընծայուի այն լուրերուն կամ բամբասանքներուն, որոնց սկզբնաղբիւրը ինքը չէ։ Այժմ Շիմշէքի առաջնահերթութիւնն է իր գործակիցներու խումբը ամրապնդել եւ վստահելի վերջնական ծրագիր մը մշակել։ Ան խոստացաւ կանոններու հիմքով քաղաքականութիւն մը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ կանխատեսելիութիւնը բարձրացնել՝ տեղական կամ միջազգային դժուարութիւնները դիմագրաւելու ժամանակ։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023