ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՆՀԱՄԲԵՐ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Երեւան-Պաքու հերթական բանակցութիւնները։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի՝ յունիսի 12-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ։ Ժամադրութեան ընդառաջ ամերիկեան կողմը տեղեկացուց, որ անհամբեր կը սպասէ բանակցութիւններու եւս մէկ փուլը հիւրընկալելու։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան փոխ-բանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարեց. «Մենք կը շարունակենք հաւատալ, թէ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է՝ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար»։ Ան աւելցուց, որ կողմերը կը շարունակեն խաղաղ ապագայի ձգտիլ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023