ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏԻ ՇՓՈՒՄ
Անգարայի ղեկավարութեան նոր շրջանի յառաջատար դէմքերը՝ պաշտօն ստանձնելէ վերջ կապի մէջ կ՚անցնին Երեւանի իրենց պաշտօնակիցներու հետ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ կարեւոր նշանակութիւն կը վերագրուի պաշտօնամուտի այս շփումներուն։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութեան առթիւ Անգարայի մէջ կազմակերպուած պաշտօնամուտի արարողութեան՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ բերուած մասնակցութենէն վերջ, այս հեռախօսազրոյցն ալ բարձր մակարդակի վրայ նոր շփումի մը հնարաւորութիւն ընձեռեց Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։
Կը հաղորդուի, որ Արարատ Միրզոյեան Հաքան Ֆիտանը շնորհաւորած է՝ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելու կապակցութեամբ։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը արտայայտած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար աշխատանքը երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ։
Մինչ այդ, աշխարհի այլ երկիրներէ պաշտօնակիցներուն առընթեր, Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացներուն։ Ֆիտան-Պլինքըն զրոյցի բովանդակութեան այս երեսակը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ ժամկէտի առումով։ Արդարեւ, յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ հերթական անգամ պիտի մէկտեղէ Արարատ Միրզոյեանն ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
Միւս կողմէ, Ճէյհուն Պայրամով ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի արտահերթ ժողովին ժամանակ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Պաքու աշխուժօրէն կ՚աշխատի Երեւանի հետ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու նպատակով։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան շեմին կը գտնուին։ Պայրամով բացատրեց, որ վերջին շաբաթներուն Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի, Մոսկուայի եւ Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները հնարաւորութիւն ընձեռած են, որպէսզի կողմերը աւելի լաւ հասկնան իրարու դիրքորոշումները։ Ըստ Պայրամովի, Պաքու կ՚ակնկալէ, որ Երեւան քաղաքական կամք դրսեւորէ, որպէսզի տարաձայնութիւնները լուծուին երեք ուղղութիւններով, որոնք կը ձեւաւորեն խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին շուրջ քննարկումներու օրակարգը։ Պայրամովի բանաձեւումով՝ հիմնական խոչընդոտներն են «Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներէն ներս Հայաստանի ապօրինի ռազմական ներկայութեան շարունակումը», «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտութիւնը» եւ «Պաքուի եւ Ղարաբաղի տարածաշրջանի հայ բնակչութեան միջեւ երկխօսութեան խոչընդոտումը»։