ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԱՇՏՕՆ

Անգարայի ղեկավարութեան նոր յառաջատար դէմքերը արդէն գրեթէ ամբողջութեամբ յայտնի դարձած են։ Այս շրջանակէն ներս Պեշթեփէի մէջ ալ պաշտօնի կը կոչուին նոր դէմքեր, որոնք յառաջիկայ շրջանին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի անմիջական գործակիցները պիտի ըլլան։ Նախագահի աշխատակազմէն ներս շատ կարեւոր պաշտօնի մը կոչուած է Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ՝ որպէս աւագ խորհրդական, որ պիտի ըլլայ նաեւ բանբեր՝ յաջորդելով Իպրահիմ Քալընի։ Պաշտօնաթերթին մէջ արդէն հրապարակուած է Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչի նշանակումը՝ որպէս աւագ խորհրդական, արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչումով։

Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եղբօրորդին է դեսպան Սերտար Քըլըչի, որ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023