ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՏՔԹ. ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ տեսակցեցաւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին խօսք բացուեցաւ Փարիզի արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր բացումը կատարուած «Գէորգ Արապեան» վարժարանին շուրջ։ Այս առթիւ Ռազմիկ Փանոսեան կարեւորեց Սփիւռքի մէջ նոր դպրոցներու ստեղծումը եւ աւելցուց, թէ մեծապէս հետաքրքրուած է հայ մանուկներու եւ երիտասարդներու կրթութեան հարցերով։ Այս նոյն նպատակին զուգահեռ Ռազմիկ Փանոսեան մասնակցած է Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին մէջ կազմակերպուած եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու հիմնախնդիրներուն նուիրուած գիտաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան հայոց լեզուի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու մասնագէտներ։ Քննարկման հիմնական նիւթերը կը վերաբերէին հայոց լեզուի, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի ուսուցման՝ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու գործադրութեամբ։ Փանոսեան նշեց, որ գիտաժողովի ընթացքին քննարկուած է արեւմտահայերէն գրելու ծրագիր մը ստեղծելու գաղափարը։
Իր կարգին Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց այդ գաղափարը ու կարեւորեց հայոց լեզուի պահպանման, հայրենաճանաչութեան խնդիրները։ Ան առաջարկեց գիտաժողովի ժամանակ ներկայացուած ծրագիրը համատեղ քննարկել ու մասնագիտական եզրակացութիւններու յանգիլ, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկուն կեանքի կոչուիլը նպատակայարմար է։
Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած ամառնային ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի փոխարկիչ ծրագրերուն։ Այս վերջիններուն նպատակն է՝ նոյնպէս լեզուի ուսուցման եւ հայրենաճանաչութեան հնարաւորութիւններ ապահովել սփիւռքահայութեան համար։
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ ուծացման վտանգին դիմակայելու համար անհրաժեշտ է օգտագործել ժամանակակից հնարաւորութիւններ եւ փորձագիտութիւններ, որոնք ընկալելի եւ ընդունելի կ՚ըլլան նոր սերունդին համար։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստանի համալսարաններէն ներս սփիւռքագիտութեամբ զբաղող ուսանողներուն համար կրթաթոշակ հիմնելու եւ անոնց ուսումը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու հնարաւորութիւնները։