ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան վա­ղը Մոս­կուա­յի մէջ պի­տի տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ՝ քննար­կե­լու հա­մար Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը կը շօ­շա­փեն երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը, նաեւ ԵՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մարկ­ման ուղ­ղեալ առ­կայ խնդիր­ներ։ Հարկ է նշել, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ ալ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015