ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէրը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ շարունակուող բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու նպատակաւ՝ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը։ Նալպանտեան եւ Զալպէր անդրադարձան Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի գագաթաժողովի հռչակագրին մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու ջանքերուն եւ անոնց կողմէ 2009 թուականէն ի վեր կատարուած յայտարարութիւններուն արտայայտուած աջակցութեան։ Զալպէր նշեց, որ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի եւ վերահաստատեց ԵՄ-ի աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի շրջանակներէն ներս շարունակուող բանակցութիւններուն։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին օրերուն Ուաշինկթընի մէջ քննարկումներ կատարեցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ։ Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններով, միջնորդները հիմնահարցը լուսարձակի տակ բերին ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան, Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մօտ։ Ամերիկեան կողմը այս առթիւ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու համար աշխատանքը Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ՝ հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու նպատակով։