ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ԸՆԴՈՒՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Պել­ժիոյ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը ե­րէկ քուէար­կեց հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ նա­խա­գիծ մը, որ պատ­րաս­տուած էր երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, յանձ­նա­ժո­ղո­վը հա­ւա­նու­թիւն տուաւ այս բա­նա­ձե­ւին, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին քուէար­կու­թեան պի­տի դրուի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պա­լա­տի լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին։

Հարկ է նշել, որ բա­ցի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն նման բա­նա­ձե­ւեր ներ­կա­յա­ցու­ցած էին նաեւ Պել­ժիոյ ե­րեք ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­ները։ Նա­խագ­ծի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը կը ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ու կը դա­տա­պարտուին։ Կոչ կ՚ուղ­ղուի Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նին՝ որ­պէս­զի փնտռեն հաշ­տեց­ման եզ­րեր։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Պել­ժիոյ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէ­լին հաս­ցէագ­րուած են դրուա­տիք­ներ, ո­րով­հե­տեւ ան խորհր­դա­րա­նի մէջ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս գա­լով ճանչ­ցած էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։

1998 թուա­կա­նին ալ Պել­ժիոյ ծե­րա­կոյ­տը նման բա­նա­ձեւ մը ըն­դու­նած էր հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015