ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր դատավճիռը, որպէսզի Լաչինի միջանցքով ապահովուի ազատ տեղաշարժը։ ՄԱԿ-ի դատարանը այս ուղղութեամբ անցեալ փետրուարի 22-ին արձակած էր վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը պէտք է պարտաւորեցուէր՝ ձեռնարկելու համար բոլոր միջոցները, որպէսզի երաշխաւորուի Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը։
Նկատի ունենալով, որ այդ դատավճիռը գործնականօրէն կեանքի չէ կոչուած, Հայաստան դարձեալ դիմած է միջազգային այս բարձրագոյն դատարանին։ Ուրեմն, նախընթաց օր Արդարադատութեան միջազգային ատեանը տեղեկացուց, որ այս պահուն չկայ դատավճիռը լրացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Հայկական լրահոսին մէջ կը նշուի, որ այսպէսով վերահաստատուած է նախկին դատավճիռը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի յարձակումներն ալ կը շարունակուին Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։