ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պաթումի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Կը հաղորդուի, որ առաջին հերթին երկու վարչապետները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք ընդգծեցին պատմամշակութային ամուր կապերը, որոնք կը միաւորեն երկու ազգերը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի անդրադարձան տարածաշրջանային կայունութեան ու բարգաւաճման հարցերուն։ Այսպէս, Հայաստանն ու Վրաստանը այս ուղղութեամբ յանձնառու են՝ նպատակ ունենալով ներգրաւուիլ բարձր մակարդակի երկխօսութեան ռազմավարական հարցերու շուրջ։ Անոնք համոզուած են, թէ սա յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, միեւնոյն ժամանակ, պիտի նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան։

Վարչապետները կարեւորեցին այն խտացեալ շփումները, որոնք կը վկայեն երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացումն ու քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը։ Զրուցակիցները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ու հեռանկարները։ Վարչապետները անդրադարձան զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հետեւողական զարգացման ու ընդլայնման ուղղեալ ապագայ քայլերուն։ Ղարիպաշվիլի եւ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային իրավիճակին եւ հաւանական իրադարձութիւններուն շուրջ։

Միւս կողմէ, դիւանագիտական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, թէ պաշտօնապէս ուժի մէջ մտած է Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուած այն համաձայնագիրը, որով երկու երկիրներու քաղաքացիները հնարաւորութեան կը տիրանան՝ առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդելու։

Հարկ է նշել, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին հետեւանքով թէ՛ Հայաստան եւ թէ Վրաստան կը դիմագրաւեն լուրջ դժուարութիւններ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Թէեւ Թիֆլիզ երկար ժամանակէ ի վեր տարածաշրջանէն ներս Արեւմուտքի վստահելի գործընկերը կը հանդիսանար, սակայն, ներկայիս Արեւմուտքի կողմէ ակնյայտօրէն խրախուսուած Քիեւի ղեկավարութիւնը ունի բացարձակ դժգոհութիւններ եւ կողմերուն միջեւ արդէն ծագած է դիւանագիտական տագնապ մը։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2023